News.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Խաղաղովկիանոսեան դաշինքին մէջ ընդգրկուած լատինամերիկեան չորս երկիրներ` Մեքսիքա, Քոլոմպիա, Չիլի եւ Փերու միացեալ առեւտուրի մէջ գրեթէ բոլոր մաքսատուրքերը չեղեալ նկատելու մասին արձանագրութիւն ստորագրած են:
Փաստաթուղթը ստորագրուած է 10 փետրուարին` Քոլոմպիոյ Քարթախենա քաղաքին մէջ: Մեքսիքայի նախագահ Էնրիքէ Փենիա Նիեթօ արդէն համաձայնագիրը անուանած է ամէնէն նորարարականը` 1994-ին Մեքսիքայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի միջեւ Հիւսիսամերիկեան ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրումէն ի վեր:
«Մենք մտադիր ենք շրջանը առաւել մրցունակ դարձնել: Ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ մեր երկիրներուն մէջ յաւելեալ աշխատատեղիներ ստեղծելու, առեւտուրը, ծառայութիւններն ու մարդոց տեղաշարժը աւելի աշխուժ պիտի դարձնէ», ըսած է Փենիա Նիեթօ:


