Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանման նպատակով բանակի զօրամաս մը Աքքարի Այտամուն գիւղաքաղաքին մէջ ներխուժեց լքուած բնակարան մը, որ դուրս եկաւ իբրեւ զէնքի պահեստանոց:
Հաղորդագրութեան համաձայն, պահեստանոցը վարձուած է սուրիական քաղաքացիութիւն կրող Ուաէլ Ապտել Քերիմի կողմէ:
«Պահեստանոցին մէջ գտնուած են հետեւեալները. Հրասանդ` 82 միլլիմեթր (3 հատ), հրասանդ` 60 միլլիմեթր (1 հատ), հրասանդ` 120 միլլիմեթր (2 հատ), կրատ տիպի հրթիռ մը, «Պէ. Քա. Սէ.» տիպի գնդացիր մը, 12,7 միլլիմեթր տրամագիծով կիսածանր գնդացիր մը, երկու խողովակ, արձակազէնի յատուկ զէնք մը, արձակազինութեան հին զէնք մը, հրասանդի զինամթերք (8 հատ), անհատներու դէմ գործածուող ականներ (23 հատ), ձեռքով շինուած պայթուցիկ նիւթերէ զերծ պարունակներ (20 հատ), այլազան զինամթերք (30 սնտուկ), ինչպէս նաեւ մեծ քանակով վառօդ:


