Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիա սկզբունքով դէմ չէ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ` Սուրիոյ տագնապին լուծման հոլովոյթին մէջ ներգրաւուելուն, սակայն կ՛ուզէ գաղափարի հեղինակներէն աւելի շատ տեղեկութիւններ ստանալ:
«Մենք դէմ չենք այդ երկիրներուն միանալուն, սակայն պիտի փափաքէինք աւելի մանրամասն կերպով տեսնել, թէ ի՛նչ կը մտածեն գաղափարի հեղինակները, նախաձեռնողները: Ատիկա տակաւին յստակ չէ: Մենք պէտք է աւելի յստակ տեսնենք, թէ ի՛նչ նկատի ունին», ըսած է աղբիւրը:
Նախապէս լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ առաջարկած են սուրիական տագնապին լուծման նոր ձեւաչափ` Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ:
Լրատուամիջոցներու տուեալներով` այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` Միւնիխի մէջ Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին ընթացքին:


