
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէ 21 յունուարին երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ շտապ խորհրդակցութիւն կատարած է:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի «գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, նախագահ Իլհամ Ալիեւի` բանակաշինութեան զարգացման հետ կապուած յանձնարարականները»:
19-էն 20 յունուարի լուսցող գիշերը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը ներթափանցման փորձ կատարած էին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու բաժանման գիծին հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորները կանխարգիլած էին այդ փորձը` հակառակորդը շպրտելով դէպի իր նախկին դիրքերը: Փախուստի ժամանակ ազրպէյճանցիները միջադէպի վայրին մէջ ձգած էին քարտէսներ, զէնք, սպառազինութիւն եւ պաշտպանութեան միջոցներ: Հայկական կողմը արտօնած էր, որ անոնք իրենց հետ տանին սպաննուածներն ու վիրաւորները: Փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին զոհուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կրտսեր ենթասպայ Արմէն Յովհաննիսեան:
28 յունուար 2014-ի դրութեամբ` ազրպէյճանական բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած է 7 զոհ եւ 10 վիրաւոր:
Ազրպէյճան միշտ կը հերքէ առաջին գիծի վրայ իրագործած գործողութիւններէն ետք իր ունեցած կորուստները: Իբրեւ կանոն, ազրպէյճանական կողմը այդ կորուստները միջադէպերուն յաջորդող օրերուն կը ներկայացնէ իբրեւ անձնասպանութիւն կամ անվտանգութեան կանոններու խախտման, անզգուշութեան, հիւանդութեան ու ինքնաշարժի արկածի հետեւանք:


