Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտուած փտածութեան գայթակղութենէն ետք` կառավարութեան քաղաքականութեան նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան լուրջ անկում արձանագրուած է:
Տեղեկութիւններու հաւաքման եւ ուսումնասիրման «Ճիհան» կեդրոնի կատարած հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ հարցախոյզներուն մասնակիցներուն 71.3 առ հարիւրին համոզումով` երկրին մէջ սկսած ճգնաժամէն դուրս գալու համար նախագահը պէտք է աւելի գործունեայ ըլլայ:
Հարցախոյզներուն մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը համոզուած է, որ տեղի ունեցածը ոչ թէ նախընտրական ծիրին մէջ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հարուածելու նպատակը կը հետապնդէ, ինչպէս ինք կը պնդէ, այլ իսկապէս կաշառակերութեան բացայայտում էր:
Հարցախոյզներուն մասնակիցներուն 81 առ հարիւրը նախարարներու որդիներուն ձերբակալութիւնները ճիշդ կը նկատէ, իսկ դէմ է ընդամէնը 8.8 առ հարիւրը:
Ըստ հարցախոյզներուն արդիւնքներուն, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարկանիշը անկում կրած է, սակայն կուսակցութիւնը տակաւին կը շարունակէ յառաջատարը մնալ յաջորդ ընտրութեան վերաբերեալ հարցումներով:
Ներկայիս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ են քուէարկողներուն 36.4 առ հարիւրը, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ի նպաստ` 28.8 առ հարիւրը:
Հարցախոյզներուն մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը կը փափաքի նախագահի պաշտօնին մէջ դարձեալ տեսնել Ապտիւլլա Կիւլը եւ միայն 17.5 առ հարիւրը նախընտրած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:


