1 յունուար 2014-էն Հայաստանի մէջ ուժի մէջ մտաւ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային բաղադրիչը, որ մաս կը կազմէ նոր բազմաստիճան կենսաթոշակային համակարգին: Փաստօրէն, ամիսներ առաջ հազարաւոր մարդոց բողոքի ձայնը արձագանգ չգտաւ օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ:
«Ընդդէմ կենսաթոշակային 5 տոկոս պարտադիր վճարին» ֆէյսպուքեան նախաձեռնութեան անդամներ Հայկ Աւետիսեան ու Տիգրան Մարտիրոսեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեցին, որ իրենց պայքարը չէ մարած, անիկա կը շարունակուի: Խումբի մասնակիցներուն հիմնական մասը տրամադիր է շարունակելու պայքարը: Տիգրան Մարտիրոսեան նշեց, որ ներկայիս քննարկման ընթացքի մէջ կը գտնուին որոշ քայլեր, մասնաւորաբար` պոյքոթի վերաբերեալ ցոյցեր` որոշ հաստատութիւններու դէմ: Կը քննարկուի նաեւ բողոքի ցոյց կազմակերպել Սահմանադրական դատարանի որոշման ընդառաջ: Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանը 25 յունուարին պիտի տայ որոշում` ի պատասխան օրէնքի գործադրման կասեցման միջնորդութեան:
«Ես անձամբ մեծ յոյսեր չունիմ` Սահմանադրական դատարանի որոշման վերաբերեալ: Պարզապէս անիկա այն քայլն է, որ մեզի պիտի ուղղորդէ դէպի աւելի կարծր քայլերու, օրինակ` փողոցներ փակելուն», յայտնեց Տիգրան Մարտիրոսեան: Իր կարգին Հայկ Աւետիսեան կարծիք յայտնեց, որ քանի մը երկիրներու մէջ այսպիսի լուրջ օրէնքները քանի մը ամսուան ընթացքին յետս կը կոչուին միայն ժողովուրդի մինչեւ վերջ պայքարին շնորհիւ:


