
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»` յղում կատարելով «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին, կը հաղորդէ, որ թրքական ապահովական ուժերը Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով 18 կասկածեալներու գործը դարձեալ քննելու ծիրին մէջ ձերբակալած են երկու կասկածեալներ` Զէյնալ Ապիտին Եաւուզը եւ Օսման Հայալը:
Վերջինս եղբայրն է նոյն գործով ձերբակալուած Եասին Հայալի, որ մեղաւոր ճանչցուած էր սպանութիւնը ծրագրելու եւ կազմակերպելու հարցով:
Զանոնք նախ ձերբակալած են, ապա դատարանը կալանաւորելու մասին որոշում տուած է:
Երբ ձերբակալեալները նստեցուցած են ինքնաշարժ` կալանավայր տանելու նպատակով, ինքնաշարժներէն մէկուն մօտեցած է Հայալի հայրը, եւ յայտնած է, որ կ՛ուզէ իր որդիին գումար յանձնել, սակայն ոստիկանները չեն արտօնած:
Յունուար 2013-ին Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութիւնը որդեգրած էր անակնկալ որոշում մը` չեղեալ յայտարարելով Տինքի գործը քննող Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանի դատավճիռը:
Պոլսոյ դատարանը Էրհան Թունջելը, որ շատերու կողմէ Տինքի սպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը կը նկատուի, արդարացուցած էր:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանը 17 սեպտեմբերին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով վերսկսած դատավարութեան անդրանիկ նիստին ընթացքին Էրհան Թունջելը կալանաւորելու որոշում որդեգրած էր:
Տինքի սպանութենէն ետք 5 տարիէ ի վեր շարունակուող դատավարութեան աւարտին` 17 յունուար 2012-ին հրապարակուած է դատավճիռ մը, ըստ որուն, սպանութեան ետին որեւէ յանցաւոր կազմակերպութիւն գոյութիւն չունի, ինչի հետ համաձայն չեն Տինքի ընտանիքն ու փաստաբանները:
Դատարանը Տինքի սպանութեան հարցով Եասին Հայալը մեղաւոր ճանչցած է սպանութիւնը ծրագրաւորելու ու կազմակերպելու մեղադրանքով եւ զինք դատապարտած ցկեանս բանտարկութեան:
Սպանութիւնը գործադրած Օկիւն Սամասթն ալ նախապէս դատապարտուած էր 21 տարի 6 ամիս բանտարկութեան` կանխամտածուած սպանութեան համար, իսկ Էրհան Թունջել, որ կը նկատուի սպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը, անմեղ ճանչցուած է:


