Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժընեւ-2»-ին Որդեգրուելիք Որեւէ Որոշում Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Հանրաքուէի Դրուի» Ըսաւ Զոհպի

January 8, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օմրան Զոհպի
Օմրան Զոհպի

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի նշեց, որ սուրիական կառավարութեան` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է, եւ կառավարութիւնը լրջօրէն կը ձգտի, որ խորհրդաժողովը յաջողի: Ան նշեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ ճակատումի մէջ է:

Զոհպի ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-էն անջատ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի միջսուրիական երկխօսութիւն մը, որ դրական արդիւնքի պիտի հասնի:

«Ժընեւի մէջ տրուելիք որեւէ որոշում, որուն հանրաքուէի ընթացքին սուրիացի ժողովուրդը իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ, անարժէք է», յայտնեց ան` յոյս յայտնելով, որ Իրան մասնակցի խորհրդաժողովին:

Զոհպի նկատել տուաւ, որ գաղտնի սպասարկութեան ճակատը, որ Ռուսիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կատարուած ականահարումներուն ետին կը կանգնի, մէկ է:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է իր սահմանները կատարելապէս փակէ, արգելք հանդիսանայ զինեալներու ներթափանցման, արգիլէ անոնց զինումը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ  Նահանգներ եւ Ռուսիա 13 յունուարին պիտի քննարկեն Իրանի դերը յառաջիկային Սուրիոյ հարցով տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ֆարհան Հաք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13 յունուարին հանդիպում պիտի ունենան, իսկ ինք այդ հանդիպումին յոյսեր կը կապէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Իրան պէտք է «Ժընեւ-1»-ի յայտարարագիրը ընդունի, որպէսզի կարենայ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ: «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մեզ տեղեակ պահեց, որ «Ժընեւ-2»-ի մասնակից սուրիացիներուն եւ արտասահմանցիներուն հրաւէրներ կ՛ուղարկէ, իսկ հրաւիրեալներուն ցանկը անցեալ 20 դեկտեմբերին ճշդուածն է. ինչպէս օրին յայտնեցինք, խորհրդաժողովին Իրանի  մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում չորդեգրուեցաւ», ըսաւ Հարֆ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պէտք է իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման առաջնորդէ:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը իր յորդանանցի, քաթարցի եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն եւ Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Նուճէյֆիի հետ քննարկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ 22 յունուարին նախատեսուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:

Սուրիական ազգային խորհուրդը սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդին կոչ ուղղեց` միջազգային ընտանիքէն պահանջելու «Ժընեւ-2»-ը 6 ամիսով յետաձգել եւ սպառնաց համաձայնական խորհուրդէն հեռանալ, եթէ վերջինս «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու համաձայնի:

Զինուորական գետնի վրայ, Սուրիոյ չափաւոր իսլամականները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ռաքքա քաղաքի հարաւարեւմտեան քանի մը շրջան, ուր հաստատուած էր Քայիտայի առնչակից Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումը:

Բացի ատկէ, չափաւորական իսլամականները ծայրայեղականներէն խլած են Հալէպի նահանգին մէջ գտնուող չորս քաղաքներ: Անոնք քննադատած են ՏԱՀԵՇ-ը, որուն շարքերուն մէջ ընդգրկուած են օտարերկրացիներ` նշելով, որ այդ խմբաւորումը կը փորձէ վերահսկել Ասատի դէմ ապստամբութիւնը:

Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի երէկ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն եւ ժիհատականներուն կոչ ուղղեց իրենց միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն վերջ տալու:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Աշխատանքէ Ազատ Կացուցուած Է 350 Ոստիկան

Յաջորդը

ԼԵՄ-ականները Նշեցին Ամանորը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.