
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց դաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար, 2014-ին ԵԱՀԿ-ի նախագահող Տիտիէ Պուրքհալթեր ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Զուիցերիա, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկիր, պիտի փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղիներ գտնել եւ ամրապնդել գոյութիւն ունեցող միջնորդական մեքանիզմները:
«Բացի ատկէ, Զուիցերիան պիտի փորձէ դիւրացնել մարդկային յարաբերութիւններն ու աջակցիլ շրջանին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան նախագիծերուն», ըսած է ան:
Ըստ Պուրքհալթերի, նախագահութեան ծիրին մէջ Զուիցերիոյ առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը, մարդոց կեանքի բարելաւումն ու ԵԱՀԿ-ի կարողականութեան ամրապնդումը:
«Անվտանգութեան ստեղծումը կը բխի բոլորին շահերէն: Այդ է Զուիցերիոյ տեսակէտը», ըսած է ան:
Պուրքհալթերի առաջարկով` դեսպան Անճելօ Կնատինճեր պիտի վարէ Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը:


