Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախոհութիւն` Երկիրը Սահմանադրական Դատարկութեան Մէջ Ձգելէ Խուսափելու Գծով

December 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի եւ Պըրրի
Միքաթի եւ Պըրրի

Շրջանային  թէ տեղական քաղաքական ու յատկապէս ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ, հետզհետէ կը շեշտուին երկրին մէջ սահմանադրական դատարկութեան ստեղծման գծով մտավախութիւնները: Փաստօրէն,  կառավարութեան ամիսներէ ի վեր կազմալոյծ վիճակը անհրաժեշտ կը դարձնէ նոր կառավարութեան կազմութեան հրամայականը: Նմանապէս, երկիրը կը գտնուի յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ժամկէտի սեմին, որուն գծով արդէն իսկ շրջան կ՛ընեն այժմու նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգման թէ ընտրութեան հոլովոյթի ձախողեցման գծով տեղեկութիւններ:

Այս բոլորը, յատկապէս սահմանադրական ժամկէտները յարգելու նախանձախնդրութիւնը երկրի վարիչները մղեց ա՛յս ուղղութեամբ լարելու իրենց քայլերը թէ կեցուածքները: Ահա այս դիտանկիւնէն պէտք է դիտել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նորագոյն յայտարարութիւնը, թէ երկիրը սահմանադրական դատարկութեան մղելը կարմիր գիծ է եւ թէ բացարձակապէս մերժելի է  «կատարուած իրողութեան» կառավարութեան կազմութիւնը: Նմանապէս, նոյն դիտանկիւնէն պէտք է մօտենալ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի (քուլիսներու ետին) ցուցաբերած այն վճռական կեցուածքին, թէ ոչ մէկ ձեւով առիթ պիտի տայ սահմանադրական դատարկութեան եւ թէ` Պաապտայի պալատէն տուն պիտի չմեկնի առանց կառավարութիւն կազմելու: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի սահմանադրական դատարկութենէ խուսափելու նախանձախնդրութեամբ, ձեռնարկած է քուլիսային սերտ խորհրդակցութիւններու` կառավարութեան կազմութեան ճիգերու վերաշխուժացման գծով  «քոթաներու» 99-6 համեմատութեամբ: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Պըրրի այս գծով արդէն իսկ ստացած է նախագահ Սլէյմանի եւ նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթի հաւանութիւնը:

Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ դարձեալ այն այցելութիւնը, զոր  հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տուաւ երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի. խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկիրը սահմանադրական դատարկութեան մէջ մղելէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած գլուխ-գլխի խօսակցութեան աւարտին, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց կառավարութեան վերաշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, եւ ասիկա ոչ թէ կարգ մը կողմերու մարտահրաւէր կարդալու համար, այլ` լուծելու համար երկրի ու քաղաքացիներու առօրեային առնչուող հրատապ հարցերը: Միքաթի նշեց, որ Պըրրիի հետ իր խօսակցութիւնները ընթացած են համախոհական մթնոլորտի մէջ: Ան մաղթեց, որ կառավարութեան արտակարգ նիստ  պահանջող հրատապ կացութեան չմատնուի երկիրը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի նշեց, թէ այնքան ատեն, որ նոր կառավարութիւն չէ կազմուած, հրաժարեալ կառավարութիւնը կը շարունակէ գործել իբրեւ լիիրաւ կառավարութիւն: Հիւսէյնի «սահմանադրական սխալ» որակեց կառավարական նիստ չգումարելը կամ զայն առկախելը: «Նախագահական աթոռի թափուր մնալու պարագային, հրաժարեալ (Միքաթիի) կառավարութիւնը կը ստանձնէ երկրին իշխանութեան ղեկը», աւելցուց Հիւսէյնի` նշելով, որ միայն նոր (Սալամի գլխաւորութեամբ) կառավարութեան կազմութենէն ետք պաշտօնապէս հրաժարած կ՛ըլլայ Միքաթիի կառավարութիւնը, քանի որ այդ մասին յատուկ հրամանագիր կ՛ընդգրկէ նորակազմ կառավարութեան յայտարարութիւնը:

 

Նախորդը

Աուն Ընդունեց Դիմադրութեան Զօրակցութեան Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Սլէյմանի Եւ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքին Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպո՞ւմ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.