Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ֆրանսա կատարած իր ճամբորդութիւնը առողջական հարցի կը վերաբերի` աւելցնելով, որ իրեն ընկերակցած է ընտանիքին բժիշկը` Ղաթթաս Խուրի: «Խուրի զիս տեղեակ պահեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս Ֆրանսա կը գտնուի առողջական հարցերով», ըսաւ Ժոմպլաթ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ անոր որոշումները արգելակելու մէկ երրորդի դրութեան գոյութիւնը հակասահմանադրական է:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ կը զգուշացնէ Լիբանանին սպասող սեւ օրերէն, եթէ Քալամուն-Արսալ հակադիր ճակատ մը բացուի: Ան կը հաստատէ, որ ինք անձամբ պիտի մասնակցի այդ ճակատամարտին` պաշտպանելու համար Պաալպեքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ հանդիպումը պիտի կայանայ Ատհայի տօնէն ետք:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով լաւատեսութիւնը կը շարունակուի: Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներէն Հայաթ Աուալի շեշտեց, որ իրենց հարազատներուն թղթածրարին վերջնական լուծում մը գտնելու իմաստով ջանքերը կը շարունակուին, եւ մթնոլորտը տակաւին դրական է:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, ապահովական ուժերը կը փնտռեն երրորդ ականուած ինքնաշարժ մը, որ թիրախ պիտի դարձնէ Հարաւային արուարձանները: Նշենք, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին ականուած երկու ինքնաշարժներ բացայայտուած են Նիհայի եւ Մաամուրայի մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրապայքարը շատ կանուխ սկսած է:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց` կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունի հոգալու քաղաքացիներուն կարիքները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ կուսակցութիւնը յանձնառու է Մուսթաքպալ հոսանքին հետ բանավէճ չունենալու:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ հաստատեց, որ հարկ է յանգիլ քաղաքական այնպիսի լուծումի մը, որուն շնորհիւ կարելի է պահպանել Սուրիոյ ազգային միասնականութիւնը, անոր բազմազանութիւնն ու ազատութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան իմաստով իրենք շօշափելի ոչինչ կը տեսնեն, բացի ապահովութեան ուժերուն զետեղած անցարգելներէն:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ անհրաժեշտ նկատեց չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերստին առաջնահերթութիւն նկատել Պաապտայի յայտարարութիւնը:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք ազգային դռնփակ հանդիպումը կը միտի Թրիփոլիի քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերստեղծել:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած ապահովական տեղեկագիրներ զգուշացուցած են Լիբանանի ներկայ ապահովական իրավիճակէն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը Թրիփոլիի պատասխանատուներուն համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը ներկայ պիտի գտնուի երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին գումարուելիք խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը չի մերժեր 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խոչընդոտուի` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ պարտադրուած նախապայմաններուն պատճառով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով չի կրնար դատավարութեան ենթարկել Իմատ Մուղնիէն, սակայն այդ մէկը կրնայ կատարել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պարագային:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ ապահովական կայունութիւնը կարեւորագոյնն է:

 

Նախորդը

«Սուրիական Ընդդիմութեան Զինեալները Յարանուանութեան Հիմամբ Սպանութիւններ Կատարեցին» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

Յաջորդը

Ներքին Եւ Արտաքին Իմաստով Արձանագրուած Են Ապահովական Շարք Մը Խախտումներ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.