Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնութեան Սուրիոյ ամբողջական մասնակցութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սպանութեան կշռոյթը չէ դանդաղած, իսկ Սուրիոյ բանակը յաջողած է զինեալները Դամասկոսի հարաւէն հեռացնելու:
Լուքաշեւիչ նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն կողմէ յարանուանութեան հիմամբ սպանութիւններ կը գործադրուին եւ եկեղեցիներ յարձակումներու ենթարկուեցան»:
Քիմիական զէնքերու տարածման կանխարգիլման կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ միջազգային հետաքննիչները Սուրիոյ քիմիական զէնքերու կեդրոններուն կէսը քննած են:
Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժեմայէլ յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 23-24-ին: Ան նշեց, որ այդ ժողովի գումարման թուականին մօտենալը «սուրիական ընդդիմութեան մէջ ներկայ կացութիւնը ստեղծեց»:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը հարուածած է Քայիտայի հետ կապ ունեցող սուրիացի զինեալներու դիրքերը: Թուրքիոյ բանակի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ յարձակումին թիրախ դարձած են այն դիրքերը, որոնք կը գտնուին ժիհատական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ:
Թուրքիա յարձակումի ենթարկեց այդ դիրքերը, երբ զինեալներու կողմէ արձակուած հրետանային ռումբեր ինկած են Քիլիս քաղաքին մօտ:
Միւս կողմէ` ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ իսլամական զինեալները գրաւած են Հալէպի կեդրոնական բանտը: Քաղաքային բանտը նշեալ զինեալներուն կողմէ պաշարուած էր 2013-ի ապրիլէն ի վեր:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հալէպի մէջ Սուրիական ազատ բանակին եւ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով զոհուած էր շուրջ 50 մարդ:
Մինչ այդ, երէկ Տէր Զօրի մէջ Սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութեան հրամանատարներէն զօր. Ժամեհ ժամեհ Տէր Զօրի մէջ գլուխէն փամփուշտ մը ստանալով` մահացաւ:


