Իսրայէլեան բանակի հետիոտն զինուորներու խմբակ մը, որ կը հաշուէր 12 զինուոր, «Մերքաւա» տիպի երկու հրասայլերու ընկերակցութեամբ երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին շրջանցեց Ուազզանիի մօտ գտնուող փշաթելերը եւ մուտք գործեց լիբանանեան հողեր, ուր ան հետախուզական քայլերու դիմեց, ապա հեռացաւ դէպի իր հողերը:
Նշենք, որ սահմանային խախտումի այս արարքին զուգահեռ Մազարեհ Շեպաայի մէջ լսուած են պայթումներ, որոնք հետեւանք էին կատարուող իսրայէլեան ռազմափորձերուն:
Իսրայէլեան Կործանիչներ Ոտնձգութիւններ Գործեցին Լիբանանի Գերիշխանութեան Դէմ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ
երեքշաբթի, 15 եւ չորեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ կատարելով
լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, թէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու ծիրին մէջ, իսրայէլեան 10 կործանիչներ Նապաթիէի, Ռըմէյշի, Ալմա Շաապի, Պընթ Ժպէյլի եւ Նաքուրայի վերեւ գործած է ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:
Թարիք Ժտիտէի Մէջ Զինեալ Բախումներ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Թարիք Ժտիտէի մէջ արձանագրուած են զինեալ բախումներ` զինեալ երկու խմբաւորումներու միջեւ:
Զինեալ բախումները մարդկային վնասներ չպատճառեցին, իսկ բախումներուն վայրը անմիջապէս շրջափակուեցաւ բանակին կողմէ, որ շրջանին մէջ ներխուժումներ կատարեց եւ երեք կասկածելիներ ձերբակալեց:
Բանակը, որ անմիջապէս կրցաւ իր հակակշիռին տակ առնել զինեալ բախումները, երէկ շարունակեց իր ներխուժումներն ու ձերբակալութիւնները:


