Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի որդեգրած երկրի պետական պարտքի չափը աւելցնելու եւ կառավարութեան ֆինանսաւորումը վերականգնելու վերաբերեալ օրինագիծը: Այսպիսով կարելի պիտի ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներ խուսափին պարտքերը վճարել չկարենալու կացութեան մէջ յայտնուելէն:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ օրինագիծը որդեգրուած է 285 թեր եւ 144 դէմ քուէներով:
Փաստաթուղթը կը նախատեսէ դաշնակցային նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու համար պիւտճէական յատկացումներ կատարել մինչեւ յունուար 15, եւ պետական պարտքի սահմանագիծի բարձրացում, ինչ որ Միացեալ Նահանգներուն թոյլ պիտի տայ շարունակել փոխառնութիւնները մինչեւ 7 փետրուար:
Կ՛ենթադրուի, որ ատոր նախորդող շրջանին Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատական վարչակազմն ու հանրապետական ընդդիմութիւնը պիտի համաձայնին 2014-ի ելեւմտական տարուան պիւտճէին շուրջ (ելեւմտական տարին սկսած է 1 հոկտեմբերէն):


