Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Իրանի փոխանցած է անունները Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող տասը իրանցիներու, որոնք իրենց իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ կապ կը հաստատէին Թուրքիոյ մէջ:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ այս քայլը, որ առնուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումով, զայրացուցած է Իսրայէլը եւ եղած է մէկը այն պատճառներէն, որոնք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մղած էին «Մաւի Մարմարա»-ի հարցով Թուրքիայէն ներում հայցելը մնայուն կերպով մերժելու:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանը իրանեան գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչ մը կը նկատէ, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն անոր հետ գործակցիլ:


