Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ քրտական անկախ պետութեան հաստատումը պէտք չէ ուժի կիրարկման միջոցով ըլլայ: Ան տարածաշրջանի քիւրտերուն կոչ ուղղեց` իրենց բնակած երկիրներու պետութեանց հետ երկխօսութեան դիմելու:
Պարզանի շեշտեց, որ պետութիւն ունենալը քիւրտերուն բնական իրաւունքն է, սակայն այդ մէկը բռնի ուժի միջոցով պէտք չէ ըլլայ, այլ բնական կերպով եւ անոր իրականացման համար հարկ եղած ժամանակը պէտք է տրուի` ընդգծելով, որ «քրտական հարցը (Քիւրտիստանի) բաժիններէն որեւէ մէկուն մէջ բռնի ուժով կարելի չէ լուծել»:
Պարզանի ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ` «պիտի չտատամսինք որեւէ տեղ ահաբեկիչ ոճրագործները հարուածելու»` աւելցնելով, որ «մեր պարտաւորութիւնը քիւրտերը պաշտպանելն է` եթէ կարենանք», սակայն ատոր եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուելուն միջեւ զատորոշում մը ըրաւ:
«Մեր տեսակէտը այն է, որ քիւրտերը (հակամարտութեան առնչակից կողմերէն) նոյն հեռաւորութեան վրայ պէտք է մնան, որպէսզի քիւրտ ժողովուրդը չներքաշուի պատերազմին մէջ», որմէ ոչինչ պիտի շահին:
Պարզանի նաեւ ԱՖՓ-ի յայտնեց, որ Իրաքի քրտական շրջանը սուրիացի քիւրտեր մարզած է, որպէսզի անոնք կարենան իրենց համայնքը պաշտպանել:
«Շարք մը երիտասարդներ մարզուեցան, սակայն իրապէս պատերազմին մէջ մտնելու համար չէ», նշեց ան:


