Թրքական «Ուորլտ Պիւլեթին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի կիրակի օր վկայագիրներ յանձնած է Թուրքիոյ քաղաքացիներու, որոնք վրացական քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւասու նկատուած են:
Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան Քոճայէլի նահանգի Նուշեթիյէ գիւղին մէջ բազմութիւն մը Սահակաշվիլին ողջունած է վրացական դրօշներով: Նախագահը նշած է, որ Վրաստան-Թուրքիա բարեկամութիւնը երկքաղաքացիութիւն ունեցողներուն օգնութեամբ պիտի բարելաւուի:
Վրացական քաղաքացիութիւն ստացած թուրք մը` Պիւլենթ Քահիա յայտնած է, որ «մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի ստանալ քաղաքացիութիւնը երկրի մը, ուր մեր նախահայրերը ապրած են»:


