Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիա Պաշտօնապէս Դարձաւ ՔԶՏԱԿ-ի Անդամ. «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը Պիտի Չգումարուի» Կ՛ըսէ Ասատ

October 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ինք իր երկրին քիմիական զէնքերու զինանոցի կորուստին համար չի ցաւիր, որովհետեւ զայն ժամանակավրէպ կը նկատէ` նշելով, որ իր երկիրը 1997-ին դադրած է քիմիական զէնքեր արտադրելէ եւ զայն փոխարինած է աւանդական զէնքերով, որոնք մարտի դաշտին մէջ վճռորոշ ազդեցութիւն ունին, սակայն նշեց, որ քիմիական զէնքերը յանձնելու արարքը ինքնին բարոյական ու քաղաքական կորուստ մըն է:

Ինչ կը վերաբերի Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին տիրանալուն, Ասատ կատակելով յայտնած է, որ` «այդ մրցանակը պէտք էր ինծի տրուէր»:

Ասատ նշեց, որ ռուսերը Սուրիան, անոր ժողովուրդը, վարչակարգը կամ նախագահը չեն պաշտպաներ, այլ իրենք զիրենք կը պաշտպանեն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանողը խորքին մէջ քաղաքականութիւնն է, աւելի քան ռազմական զինանոցը:

Սուրիոյ նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը պիտի չգումարուի, թէեւ նոյեմբերը ճշդուեցաւ իբրեւ անոր գումարման թուական: Ան նշեց, որ Սուրիա հարց չունի մասնակցելու եւ անոր պահանջը յստակ է եւ հիմնուած է երկու սկզբունքներու վրայ` քուէատուփը եւ ահաբեկիչներուն աջակցութեան դադրեցումը:

Ըստ Ասատի, Սուրիական ազատ բանակը վերջ գտած է, որովհետեւ անոր անդամները զինք լքած են եւ միացած կա՛մ իսլամական խմբաւորումներուն եւ կամ պետութեան` նշելով, որ ընդդիմադիր զինեալներէն ոմանք սուրիական բանակի շարքերուն մէջ կը կռուին: «Արեւմուտքին եւ Ծոցի կողմէ աջակցութիւն վայելող ուժերէն միայն ահաբեկիչները մնացին եւ ասոնք «Ժընեւ-2»-ի մէջ տեղ չունին», ըսաւ Ասատ:

Ասատ հերքեց քանի մը օր առաջ հրապարակուած այն լուրը, թէ Ֆաթհի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ապպաս Զաքի իրեն նամակ մը փոխանցած է Քաթարի նոր իշխանէն:

Միւս կողմէ` Ասատ ըսաւ, որ Համաս որոշած է դիմադրութիւնը լքել եւ Իսլամ եղբայրներուն մաս կազմել. «առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ մեզի կը դաւաճանեն, այդ մէկը 2007-ին եւ 2009-ին ալ տեղի ունեցաւ»:

Ինչ կը վերաբերի Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մեշաալը հիւրընկալելու կարելիութեան մասին հարցումի մը, Ասատ կատակելով պատասխանած է. «(Ազգային պայքարի ճակատի նախագահ) Ուալիտ Ժոմպլաթը հոս տեսնելը մի բացառեր»:

Ռուսական Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ամբողջովին արտաքին աջակցութեան վրայ կը յենի եւ անոր բոլոր քայլերուն ետին «զայն ֆինանսաւորողներուն շահերն ու հաշիւները կան»:

«Շարք մը երկիրներ կը յուսան «Ժընեւ-2»-ը ձախողութեան մատնել, եւ այդ է պատճառը, որ Սուրիական ազգային խորհուրդը կը մերժէ ատոր մասնակցիլ, ոստի այլ փորձեր պիտի կատարուին», ըսաւ Փուշքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` սուրիական ընդդիմութիւնը համոզելու` «Ժընեւ-2»-ին ներկայ գտնուելու` նշելով, որ այդ խորհրդաժողովի գումարման ձգձգումը ի շահ ժիհատականներուն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար պէտք է փոխանցման կառավարութիւն մը կազմել: «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման խորհրդաժողովին մօտալուտ թուական մը ճշդելու կարիք կայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի տարածաշրջան պիտի ուղղուի Սուրիոյ շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Սուրիա երէկուընէ սկսեալ դարձած է Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան (ՔԶՏԱԿ) անդամ: Սուրիա այդ կազմակերպութեան 190-րդ անդամը կը դառնայ: Այժմ միայն 6 երկիր դուրս կը մնայ հռչակագիրէն: Անոնցմէ երկուքը` Իսրայէլն ու Միանմարը, 1993-ին ստորագրած են փաստաթուղթ մը, որով քաղաքական աջակցութիւն ցոյց կու տան կազմակերպութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն:

ՔԶՏԱԿ-էն կը յայտնեն, որ Սուրիան յատուկ պայմաններու մէջ կը միանայ: Կազմակերպութեան անդամ դառնալը աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ, սակայն Սուրիա այդ մէկը կարողացած է կատարել շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին:

ՔԶՏԱԿ-ի ընդհանուր տնօրէն Ահմատ Օզոմոքօ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ միջազգային հետաքննիչներուն ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող կարգ մը վայրեր հասնելու առիթներուն գծով. ան Սուրիոյ հակամարտութեան երկու կողմերուն կոչ ուղղեց` սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման հետաքննիչներուն աշխատանքը դիւրացնելու:

Օզոմոքօ «Պի.Պի.Սի.»-ի յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը առաքելութեան հետ կը գործակցի եւ հետաքննիչներուն կ՛օժանդակէ իր քիմիական կեդրոնները հասնելու»` աւելցնելով, որ հետաքննիչները քիմիական զէնքերու արտադրման 50 կեդրոններէն 5-ը այցելած են:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որոշեց հոլանտացի Ինկրիտ Քաղը նշանակել ՄԱԿ-ի եւ ՔԶՏԱԿ-ի միացեալ առաքելութեան ղեկավար եւ այս ուղղութեամբ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, որ չորեքշաբթի օր այս նշանակումը պէտք է վաւերացնէ:

Նախորդը

«Քրտական Պետութեան Հաստատումը Բռնի Ուժով Պէտք Չէ Ըլլայ», Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.