Հայկական Կեանք
ՀՄԸՄ–ի Սկաուտները Ի Պատուի
Լիբանանի Արտաքին Եւ Կրթական
Նախարարութեանց Գնահատանքը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կազմին Յունաստանի 11-րդ ճամբարին մասնակցող սկաուտական «Պաալպէք» խումբը, Մարաթոնի բանակավայրին մէջ 1 օգոստոսէն մինչեւ 11 ցուցաբերած կարգապահութեան, ձեռներէցութեան, աշխատունակ ընթացքին եւ օրինակելի կեցուածքին համար Լիբանանի վերին ղեկավարութեան կողմէ լաւագոյն խումբը ըլլալու տիտղոսին արժանացած է:
Միեւնոյն ատեն, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Գպեր Հապեր մասնաւոր պաշտօնագիրով մը` ուղղուած արտաքին գործոց նախարարութեան, գովքը կը հիւսէ լիբանանեան սկաուտական խումբերուն եւ յատկապէս շեշտը կը դնէ «Պաալպէք» խումբի սկաուտներուն վրայ, որոնք գիտցան պատշաճ կերպով իրենց բանակավայրին մէջ հիւրասիրել 68 ազգերու բարձրաստիճան ղեկավարները եւ ճամբարի կազմակերպիչները «Լիբանանի օր»-ուան առթիւ կազմակերպուած հրաւէրին:
Առ այդ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը փոխանցած է գնահատանքի գիրը կրթական նախարարութեան, որ իր հերթին կը թելադրէ սկաուտական ֆետերասիոնին պարգեւատրել ՀՄԸՄ-ի «Պաալպէք» խումբը:
Լիբանանի ֆետերասիոնը, իր վերջին նիստին, որոշեց կազմակերպել բոլոր աստիճանաւորներու եւ միութեանց ներկայացուցիչներու հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին յատկապէս պատրաստուած բաժակ մը պիտի նուիրուի «Պաալպէք» խումբի խմբապետութեան:
Դպրեվանքի Եւ Մարտիկեան
Վարժարանի Բացումը
Կիրակի 13 հոկտեմբեր 1963-ին, դպրեվանքի ուսումնական 34-րդ տարեշրջանի վերաբացումին առթիւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ:
Ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ արտասանեց դպրեվանքի սաներուն ուղղուած հոյակապ քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց լոյսի գաղափարը: Բոլոր սաները Ս. հաղորդութիւն ստացան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, Խորէն Ա. կաթողիկոս թափօրով առաջնորդուեցաւ նորակառոյց Մարտիկեան վարժարան, ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանին բացումը:
Վեհափառ հայրապետը օրհնութեան իր խօսքը ըսաւ բարերար տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ վարժարանը, ապա յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց վարժարանին:
