Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԼՃԵՐԻԱ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵ՞ՆՉ

June 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փողոցային ցոյցերը Ալճերիոյ մէջ չեն յաջողիր ծաղկիլ, զարգանալ` ի տարբերութիւն Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ որոշ դրացիներու:

Պի. Պի. սի.ի լրագրող եւ վերլուծաբան Քեւին Քոննոլի կը գրէ, թէ ինչո՛ւ Ալճերիոյ ընդդիմութիւնը կը դժուարանայ իր ձայնը գտնելու:

Պատմական քանի մը իրադարձութիւններ յաջողեցան համապատասխանել արդի շուրջօրեայ լուրերու հաղորդումի պահանջներուն, ինչպէս` այս տարուան Արաբական գարնան առաջին հանգրուանը:

Յունուարի սկիզբը ատիկա անհաւատալի էր: Փետրուարի վերջաւորութեան թուեցաւ, թէ ատիկա կարելի չէ կասեցնել:

Թուեցաւ, թէ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ յեղափոխութիւնները սկսած են ստեղծել տեսակ մը ցնցիչ, հարուածային ալիք, որ սկսած է սասանել, շփոթեցնել ամբողջ շրջանի վարչակարգերը:

Այդ ատենէն ի վեր, անշուշտ, կը թուի, թէ հոլովոյթը սկսած է կորսնցնել կշռոյթն ու արագութիւնը:

«Ալճերիա Եգիպտոս չէ, Թունուզ չէ: Մենք 1988 թուականին արդէն ունեցած ենք փոփոխութեան մեր հոլովոյթը»

Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ կառավարութիւնները պատրաստ են ուժ կիրարկելու իրենց ժողովուրդին դէմ` վստահաբար դանդաղեցնելով փոփոխութեան կշռոյթը եւ թերեւս նոյնիսկ շրջելու ատիկա:

Եմէնի մէջ իշխանութեան բարդ եւ խրթին պայքարը եւս յաւելեալ փաստ է, որ Միջին Արեւելքը հարուածող ժողովրդավարացման ալիքի գաղափարը քիչ մը շատ պարզունակ է:

Համեմատութիւններ կատարուեցան քանդումի ստեղծագործական ալիքին հետ, որ 1990-ական թուականներուն հարուածեց Արեւելեան Եւրոպան: Բայց ատոնք համեմատութիւններ էին, որոնք անտեսեցին կարեւոր տարբերութիւնը. Արեւելեան Եւրոպան գերպետութեան (Խորհրդային Միութիւն) կողմէ զինուորական բռնագրաւումի տակ էր եւ ստրուկը դարձած էր միաւորող գաղափարախօսութեան. համայնավարութեան:

Երբ երկուքն ալ մեկնեցան, փոփոխութիւնը կարելի եղաւ:

Անշուշտ ճշմարտութիւնը այն է, որ (ինչպէս Թոլսթոյ ժամանակին գրած է ապերջանիկ ընտանիքներու մասին) իւրաքանչիւր արաբական միապետութիւն ի՛ր ձեւով բռնակալութիւն է:

Արաբական գարնան սահմանները գտնելու համար Ալճերիա ճամբորդեցի:

Ասիկա այն երկիրներէն մէկն էր, որ յունուարին ականատես եղաւ փողոցներուն մէջ կարճատեւ ծաղկում ունեցող ցոյցերուն:

Ալճերիա նաեւ շարքին է այն երկիրներուն, ուր դժգոհութեան կայծերը չյաջողեցան հրահրել, բոցավառել ապստամբութեան բոցերը:

Ըստ Ալճերիոյ տեղեկատուութեան նախարար Նասեր Մեհալի, ատոր պատճառները բացայայտ, ակնյայտ են:

«Ալճերիա Եգիպտոս չէ, ոչ ալ` Թունուզ,- պարզապէս ըսաւ ան եւ աւելցուց.- Մենք 1988 թուականին արդէն ունեցած ենք փոփոխութեան մեր հոլովոյթը: Ես չեմ հաւատար, որ ալճերիացիք կը վախնան այս կառավարութենէն:

«Մեր պատուհանները բաց են», եզրափակեց ան եւ լուսաբանելու ցուցական ձեւով մը խորունկ շունչ մը քաշեց` թոքերը լեցնելով:

Վայելուչ Նասեր Մեհալ նախկին լրագրող մըն է, որուն հեզահամբոյր ոճը զինք գրաւիչ, առաջնակարգ անձը կը դարձնէ քաղաքացիական տարազներով զօրավարներուն համար, որոնք կը տիրեն Ալճերիոյ մէջ:

Պետական հաղորդումներուն այժմ արտօնուած է սփռել ընդդիմութեան գործունէութեան մասին լուրեր

Ինչպէս որ կ՛ակնկալէք` նախարար Մեհալի բացատրութիւնը Ալճերիոյ մէջ յարաբերական կայունութեան մասին, կը շպարէ, փայլք կու տայ ժամանակակից պատմութեան կարգ մը դաժան իրականութիւններուն:

Այդ ժամանակակից պատմութեան մէջ վճռորոշ պահը եկաւ 1992-ին, երբ զինուորական զօրակցութիւն վայելող կառավարութիւն մը չեղեալ նկատեց, շրջեց ընտրութեան մը արդիւնքները այն հիման վրայ, թէ առաջին հանգրուանի արդիւնքները ցոյց կու տային, թէ իսլամական կուսակցութիւնը կ՛ուղղուէր դէպի յաղթանակ:

Օր մը այս հրապարակը Գահիրէի Ազատագրութիւն հրապարակէն աւելի մեծ պիտի ըլլայ. բայց` ոչ այսօր

Քաղաքացիական պատերազմը, որ յաջորդեց, կրնար սպաննել 2 հարիւր հազար մարդ եւ ատիկա խորունկ սպիներ ձգած է ալճերիական հասարակութեան մէջ:

Աշխարհի վրայ քիչ երկիրներ կրնան ըլլալ, ուր տարազաւոր ապահովական ուժեր այնքան բարձր վարկ, հեղինակութիւն ունին, եւ Ալճերիոյ շուրջը ծանրաբեռնուած, խճողուած երթեւեկը յաճախ կը խցանուի եւ գրեթէ անշարժութեան կը մատնուի ոստիկանութեան անցարգելներուն պատճառով, ինքնաշարժներու բազմաթիւ շարքերը մէկի վերածելով:

Նոյնիսկ ընդդիմութեան որոշ անդամներ զգուշաւոր կերպով կ՛ընդունին, որ վայրագութեան կործանարար տարիները բազմաթիւ ալճերիացիներուն մէջ ստեղծեցին կայունութեան տենչը, որ կրնայ գերակշռել անյապաղ փոփոխութեան իրենց ախորժակը:

Ոչ ոք կրնայ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքայի կառավարութիւնը խորամանկ անուանել, բայց այդ կառավարութեան հակադարձութիւնը, պատասխանը Արաբական գարնան հետաքրքրական է:

Բողոքի հաւաքները հակակշիռի տակ պահելը անշուշտ բաւական ծանր յանձնառութիւն է, բայց ատոր ընկերացած են միջոցառումներ, որպէսզի փոփոխութեան կոչերու լարուածութիւնը մեղմանայ:

Լուսանկարային զգուշացումներու օժանդակութեան գումարները կրնան սեղմուիլ, եւ տնտեսական տագնապին առաջքը առնելու նպատակով աշխատավարձքի փոփոխութիւնը կրնայ դժգոհութեան առաջնորդել: Պաշտօնական տեղեկատուական մարզն ալ նոյնպէս նրբօրէն, խորամանկ կերպով փոփոխութեան ենթարկել` հաշուի առնելու համար փոփոխուող ժամանակները:

Ծրագիրներ կան մեղմացնելու համար այն օրէնքները, որոնք նախագահին ուղղուած որոշ քննադատութիւններ ազատազրկումով պատժելի կը դարձնեն:

Քայլով մը, որ կը գրաւէ բուն էութիւնը աճող, աստիճանական բարեփոխումներուն, հաղորդուեցաւ, որ կը ծրագրուի վերատեսութեան ենթարկել սահմանադրութիւնը, եւ թէ ասիկա կը նշանակէ, որ նախագահին ուղղուած որոշ քննադատութիւններ տակաւին կրնան քեզ տուգանքի ենթարկել, բայց բանտարկութեան սպառնալիք այլեւս չեն ներկայացներ:

Պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրողները ըսին, թէ իրենք այժմ քիչ մը աւելի ազատութիւն կը վայելեն` նշելու համար ընդդիմութեան գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

ՄԱՐՏԻԿ ԴԱՐՁԱԾ ԼԻՊԻԱՑԻ ՄԱՐԶԻԿԸ

Յաջորդը

Ի՛ՆՉ ՈՐ ԸՐԻՆ ՀՐԱՆԴԻՆ, ԱՅԺՄ ԻՆԾԻ Կ՛ԸՆԵՆ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.