Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիֆլիսի Մէջ. Օհանեան Հանդիպում Ունեցաւ Ալասանիայի Եւ Իվանիշվիլիի Հետ

July 19, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օհանեան եւ Ալասանիա

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ 17 յուլիսին պաշտօնական այցելութեամբ Թիֆլիս մեկնած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի հետ:

Հանդիպման յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները Վրաստանի կառավարութեան համար առաջնահերթ են եւ կարեւոր նշանակութիւն ունին շրջանային անվտանգութեան ապահովման համար:

«Այսօրուան հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ համաձայնեցանք, որ ատիկա պիտի ընթանայ ըստ ծրագիրին, որ ընդունեցինք 2013 թուականին: Խօսեցանք նաեւ այն առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնք պիտի նշուին մեր երկիրներուն մէջ 2014 թուականին: Կը ցանկամ յատկապէս շեշտել, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները մեր կառավարութեան համար առաջնահերթ են», յայտարարեց Ալասանիա:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր կարգին յայտնեց, որ կողմերը քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ անվտանգութեան խնդիրները:

«Մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք Վրաստանի հետ յարաբերութիւններուն,  քանի որ մեր երկիրները կապուած են պատմական եւ բազմադարեան բարեկամութեամբ: Կը Կարծեմ, որ այդ հիմքերը մեզի համար որոշակի ազդակ պիտի ըլլան` պաշտպանական մարզին մէջ մեր յարաբերութիւններուն զարգացման համար», ընդգծեց Օհանեան:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հանդիպումը Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ռազմավարութիւնը:

Նախորդը

Ուրուկուէյի Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Մը Ստեղծումը

Յաջորդը

Աւստրալիացի Խորհրդարանականները Կոչ Կ՛ուղղեն Յարգելու Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Եւ Ազատ Տեղաշարժելու Իրաւունքները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.