
Պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին նիստը երէկ յետաձգուեցաւ` պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի եւ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչին բացակայութեան պատճառով:
Յանձնախումբի նախագահ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարին առանց պատճառաբանութեան բացակայութիւնը խոցելի էր:
Ժսըր յայտնեց, որ պաշտպանութեան հարցերու յատուկ յանձնախումբը լուսաբանական հարցումներ պիտի ուղղէ բանակին եւ ոչ թէ հարցաքննութեան պիտի ենթարկէ զայն:


