
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ ան ողջունեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն հիւրընկալումը:
Հոլլանտ ընդգծեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը, յատկապէս ուղղաթիռներու յատուկ հրթիռներ տրամադրելու առումով:
Ֆրանսայի նախագահը մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուի կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական հիմնական բոլոր ուժերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը յաւելեալ ջանքերու կը կարօտի` շեշտելով, որ երկրին գործադիր իշխանութեան մակարդակին վրայ արձանագրուած անիշխանութիւնը երկրին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ նախապայմաններու գոյութեան պատճառով է, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ:
Ան հաստատեց սակայն, որ այդ վիճակը երկարատեւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ որեւէ պահու ընթացքին կառավարութեան կազմութիւնը ստանձնած անձնաւորութիւնը կրնայ այդ անիշխանութեան վերջ տալու յարմար քայլին դիմել:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ ազգային շահերու կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ նամակ մը, որուն մէջ ան կը շնորհաւորէր յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը:
Ապատի նախագահ Սլէյմանի յանձնեց նաեւ երկրորդ նամակ մը, որ ուղղուած էր Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ: Ռուհանի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` իր ընտրութեան առիթով անոր յղած շնորհաւորագիրին համար:
ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրին պարտականութիւն տուաւ Եւրոպական Միութեան մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչէն Լիբանանի կառավարութեան անունով խնդրելու, որ Եւրոպայի մէջ լիբանանեան հասարակութիւնը կազմող հիմնական բաղադրիչներէն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին չդասեն:


