
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յուլիսին:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական եւ արդարութեան հարցերու, ազգային պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութիւններու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ մշակոյթի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը:
Միւս կողմէ, Պըրրի վերահաստատեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին կայացման թուականը` կոչ ուղղելով բոլորին մասնակցելու այդ նիստին:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսը: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնը:


