
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց Եգիպտոսի փոխանցման շրջանի նախագահ Ատլի Մանսուրը եւ յոյս յայտնեց, որ Եգիպտոսի թեւակոխած նոր հանգրուանին ընթացքին տիրէ իսկական ժողովրդավարութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող հարցերը:


