Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց շարք մը հիւրեր, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ ինք զուգահեռաբար կը հետեւի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած վիճարկումին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:
Սալամ շեշտեց, որ շաբաթասկիզբին ինք պիտի վերսկսի կառավարութեան կազմութեան նպատակով խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Ան յոյս յայտնեց կառավարութեան կազմութեան կարելիութեան մասին եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ կը ծառայէ ազգային շահերուն:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի Պէյրութի բնակարանը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 26-րդ տարելիցին առիթով:
Սալամ շեշտեց, որ Քարամէի յիշատակին կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր ազգային եւ պատմական դերակատարութեան մէջ, որովհետեւ այդ դերակատարութեան նպատակն էր պահպանել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարելի չէ ուշացնել:


