Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Անգամ Դաշնակցութիւնը Մեծ Քանակութեամբ Ձայներ Պիտի Հաւաքէ Նոյնինքն Երեւանի Մէջ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

April 18, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան փորձելով հերքել այն վարկածը, որ Դաշնակցութիւնը իր ձայներուն մեծամասնութիւնը սովորաբար կը ստանայ Երեւանէն դուրս, երէկ news.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Երեւանի ընտրողներուն ճնշող մեծամասնութիւնը բնակչութեան այն մասն է, որ աւելի ինքնուրոյն է, անկախ եւ նուազ ենթակայ է ճնշումներուն:

Ըստ անոր, ընտրակաշառքը եւ վարչական լծակները նուազ ազդեցութիւն ունին Երեւանի ընտրողներուն վրայ:

«Ես վստահ եմ, որ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը եւ գործունէութիւնը վերջին ժամանակներուն Երեւանի մէջ աւելի շատ արձագանգներ կ՛ունենան: Եւ այն փաստը, որ մեր ներկայացուցիչները կը շրջին շէնքերը եւ կը զրուցեն բնակիչներուն հետ, կը վկայէ այն մասին, որ շատ գիտակից բնակիչներ, համեմատելով քաղաքական ուժերը, պիտի քուէարկեն Դաշնակցութեան օգտին», նշեց Աղուան Վարդանեան` ընդգծելով, որ այս անգամ ՀՅԴ-ն Երեւանի մէջ պիտի հաւաքէ մեծ թիւով ձայներ:

Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 մայիսին: 4 տարի առաջ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը չէր յաղթահարած 6 առ հարիւրի շեմը:

Այս անգամ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կը մասնակցին 6 կուսակցութիւններ (Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես, ՀՅԴ, Օրինաց երկիր եւ Առաքելութիւն) եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքը:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնները արդէն իսկ սկսած են օգտագործել վարչական, պետական միջոցները` Երեւանի գործող, հանրապետական քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած ցուցակին օգտին «հարկադրաբար ձայներ ապահովելու համար»:

Աղուան Վարդանեան, որ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը յառաջիկայ երեւանեան ընտրութիւններուն համար նախատեսուած Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակին վրայ, աւելցուց, թէ այս պայմաններուն մէջ ընտրութիւններուն օրինականութիւնը կը շարունակէ հիմնական խնդիր մնալ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններէն իշխող կուսակցութիւնը դառն դասեր քաղած է, եւ հիմա նորէն վարչական, պետական բոլոր միջոցները դրուած են այս ընտրութիւնները մէկ կողմէն ապաքաղաքականացնելուն, միւս կողմէ` հարկադրաբար, ստիպողաբար ձայներ ապահովելուն: «Այս անգամ վստահ եմ, որ բուն տեղամասին մէջ ընտրութիւններու օրը գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ լուրջ խախտումներ կատարել, որովհետեւ բոլոր յանձնախումբերուն մէջ ընդդիմութիւնը առնուազն չորս հոգիով ներկայացուած է: Ինչ որ պիտի ընեն` պիտի փորձեն դուրսը կատարել», աւելցուց ան:

Ըստ Վարդանեանի, իրենց յաղթանակը ապահովելու համար իշխանութիւնները կը փորձեն նաեւ իրարու դէմ հանել ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը: Ան աւելցուց, որ ընդդիմութիւնը այնքան խելք պիտի ունենայ, այնքան կազմակերպուած պիտի ըլլայ, որ հասկնայ, թէ այսօրուան միակ խնդիրը միակուսակցական համակարգը Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կոտրելն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի՞ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջարկած քննարկման, որ տեղի պիտի ունենայ 19 ապրիլին «Անի» պանդոկին մէջ եւ նուիրուած պիտի ըլլայ «ազգային ճակատ»-ի ստեղծման, Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան համար տակաւին անորոշ է: Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ եթէ Դաշնակցութիւնը քննարկման հրաւէր ստանայ, ապա ան միշտ պատրաստ է մասնակցելու: Դաշնակցութիւնը բացառիկ կարեւոր կը նկատէ այս շարժումը, բացառիկ կարեւոր կը նկատէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի անձին դերակատարութիւնը այս շարժման մէջ, բայց կան բաներ, զորս չի հասկնար: «Մենք չենք հասկնար մէկ օրով Մոսկուա երթալը եւ հայ ժողովուրդի յաղթանակը Մոսկուայէն բերելը, մենք չենք հասկնար ամսուն 9-ին ոստիկանապետին հետ մոմավառութիւնը, մենք չենք հասկնար, օրինակ, ամսուն 9-ին Յիսուսի յիշատակը վայրկեան մը լռութեամբ յարգելը, որքան մենք գիտենք, Յիսուս յարութիւն առած է»:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, տարրական տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ եթէ մայրաքաղաքային ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ընդդիմութիւնը ստանայ 65 աթոռնոց աւագանիի աթոռներէն կէսէն աւելին, պէտք է անմիջապէս համախմբուի եւ ընտրէ Երեւանի ընդդիմադիր քաղաքապետ մը: Եւ այն ուժը, որ կը խոչընդոտէ այդ համախմբումին, ըստ Վարդանեանի, ինքնաբերաբար կը դառնայ իշխանութեան գործակալը:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.