Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը` Երեւանի Մէջ

April 18, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եակլանտ եւ Նալբանդեան կը ստորագրեն յուշագիրը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտը:

Անոնք քննարկեցին Եւրոպական խորհուրդի Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները եւ Գործողութիւններու ծրագիրը, մասնաւորաբար` Սթրազպուրկի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն աջակցութիւնը յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին նախաձեռնութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու հոլովոյթին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական խորհուրդի օրակարգին կարեւոր հարցերը եւ արդի մարտահրաւէրները: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարին միտուած քայլերը: Անդրադարձ եղաւ նաեւ շրջանային հոլովոյթներուն եւ առկայ տագնապներուն լուծման հեռանկարներուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ նոյնպէս ընդունեց Երեւանի մէջ գտնուող Եւրոպական  խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտը:

Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եակլանտ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ եւ այս անգամ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան ստանձնումէն առաջ:

«Ճիշդ մէկ ամիս ետք` 16 մայիսին, Հայաստան պիտի ստանձնէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը: Ասիկա շատ կարեւոր հանգրուան է Հայաստանի համար` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիր, բայց նաեւ` մեծ պատասխանատուութիւն, եւ մենք անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրենք լաւագոյնս իրականացնելու այս առաքելութիւնը», յայտնեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար` Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ կազմակերպութեան անդամակցելէ ետք Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան ապահովման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման առումով իրականացուած են զգալի բարեփոխումներ, որոնց արդիւնքները տեսանելի են:

Զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական Միութեան նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները, կարեւոր նկատեցին անոնց մէջ Եւրոպական խորհուրդի բոլոր երեք ուղղութիւններուն` մարդկային իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ներառումը: Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին նախատեսուած են շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններ խորհրդարաններու, Սահմանադրական դատարաններու, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, ինչպէս նաեւ այնպիսի մարզերու մէջ, ինչպէս` միջկրօնական, միջմշակութային երկխօսութիւնը, տեղական ժողովրդավարութիւնը, խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարը, կրթութիւնը, երիտասարդական քաղաքականութիւնը: Ծրագրուած է Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու մայրաքաղաքներու քաղաքապետերու մակարդակով վեհաժողով: Տեղի պիտի ունենան բարձրաստիճան այցելութիւններ Սթրազպուրկ, մասնաւորաբար Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան աջակցութիւն յայտնեց կազմակերպութեան բարեփոխման ուղղուած Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ 2012-2014 թուականներուն գործողութիւններու ծրագիրի իրականացումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները, այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:

Հանդիպումէն ետք Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թորպիոռն Եակլանտ ստորագրեցին Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի հիմնադրման եւ անոր իրաւական կարգավիճակին մասին փոխադարձ ըմբռնման յուշագիրը, որով Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ներկայութեան կարգավիճակը պիտի բարձրանայ նոր մակարդակի:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Մէջ Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւնները Խորհրդարանէն Կը Պահանջեն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Այս Անգամ Դաշնակցութիւնը Մեծ Քանակութեամբ Ձայներ Պիտի Հաւաքէ Նոյնինքն Երեւանի Մէջ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.