Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻՊԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԹՈՒՆՈՒԶ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

May 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շուքրի Ղանեմ

Թունուզեան ապահովական պաշտօնատար մը երէկ հաղորդեց, որ Լիպիոյ քարիւղի նախարար Շուքրի Ղանեմ երկուշաբթի օր փախուստ տուած է դէպի Թունուզ եւ լքած Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգը: Ան կը միանայ Քազզաֆիի վարչակարգը լքած արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսային, ներքին գործոց նախարար Ապտել Ֆաթթահ Եունեսին, արդարութեան նախարար Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլին, ՄԱԿ-ի մօտ Լիպիոյ ներկայացուցիչ Ալի Ապտել Սալամ Թերքիէին եւ շարք մը դեսպաններու:

ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգներ երէկ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ ռմբակոծեցին կառավարական երկու շէնքեր, ներառեալ` ներքին գործոց նախարարութիւնը: Քազզաֆիի մէկ բանբերը յայտնեց, որ նախարարութիւնը թիրախ դարձած է, որովհետեւ Պենկազիի մէջ ըմբոստներու ղեկավարութեան շուրջ փտածութեան փաստերու թղթածրարներ կը պարունակէ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Լիպիոյ կառավարութեան պատուիրակներուն կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը արտօնելու: Ան նշեց, որ Քազզաֆիի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են քննարկելու Ափրիկեան միութեան ներկայացուցած խաղաղութեան ծրագիրը, որ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ կառավարութեան ու ըմբոստներուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու: Ըմբոստները մերժած էին այդ ծրագիրը:

Լաւրով նաեւ յայտարարեց, որ լիպիական իշխանութիւնները պատրաստ են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1973 բանաձեւը մանրակրկիտ կերպով գործադրելու` «Լիպիոյ դէմ» ՕԹԱՆ-ի օդային հարուածներու դադրեցման դիմաց:

 

Նախորդը

ՄՈՒՊԱՐԱՔ ՈՒՂԵՐՁՈՎ ՄԸ ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ՀԱՅՑԷ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՆՊԷՍ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ, ԿԱՐԾԵՍ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑ ՄԸ ԸԼԼԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.