Եգիպտական «Շուրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք կը պատրաստէ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձ մը, որ պիտի սփռուի պատկերասփիւռի քանի մը կայանէ:
Կը նախատեսուի, որ ան խոստովանի, թէ իր կարգ մը որոշումները իրականութեան մէջ կրնան վնաս հասցուցած ըլլալ Եգիպտոսի ժողովուրդին: Մուպարաք իր ուղերձին մէջ պիտի խնդրէ ներում շնորհել իր ընտանիքի անդամներուն` կնոջ եւ երկու որդիներուն:
Ըստ «ԷՃԻ նիուզ» կայքէջին, Մուպարաքի կինը` Սիւզան իր փաստաբանին յանձնարարած է պատրաստել Գահիրէի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող եւ 741 հազար տոլար արժող իր առանձնատունը, ինչպէս նաեւ դրամատուներէն մէկուն մէջ ունեցած 2.8 միլիոն տոլարի հաշիւը պետութեան փոխանցելու փաստաթուղթերը:
Մուպարաք իր կարգին պատրաստ է պետական գանձարանին փոխանցելու 143 միլիոն տոլարի հաշիւ մը:


