Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական առեւտրական եւ սակարանային գրասենեակներու սենտիքայի ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Սուրիոյ իրադարձութիւնները դարձեալ Թուրքիոյ ներքին հարցը նկատեց:
Էրտողան ըսաւ, որ «Թուրքիան Սուրիոյ զարգացումներուն այնպէս կը հետեւի, կարծես իրեն համար ներքին հարց մը ըլլար»: Ան աւելցուց, որ «Ասատի հետ քանի մը անգամ հանդիպում ունեցայ: Անոր խորհուրդ տուինք զգուշութեամբ վարուիլ մասնաւորաբար գրգռիչ արարքներուն նկատմամբ, եւ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ չկիրարկել: Անոր առաջարկեցինք բարեփոխումները արագ կերպով գործադրելու: Սուրիոյ մէջ յարանուանական բախումները կանխարգիլելու մեծ ջանք կը թափենք: Ապահովութեան եւ հանդարտութեան վերականգնման համար մեր մօտիկ դրացիին` Սուրիոյ առաջարկներ ներկայացուցինք»:


