
Բազմաթիւ քաղաքական, պետական, մշակութային գործիչներ վերջին օրերուն կ՛այցելեն Ժառանգութիւն կուսակցութեան հացադուլ յայտարարած ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Երէկ` այն ժամանակ, երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեան բացօթեայ մամլոյ ասուլիս կու տար, անոր տեսակցելու եկաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան:
Ասուլիսէն ետք վերջինս նստաւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլի նստարանին վրայ եւ քանի մը վայրկեան միասին զրուցեցին:
Այնուհետեւ լրագրողները փորձեցին պարզել, թէ Վահան Յովհաննիսեան ինչ կ՛ըսէր Րաֆֆիին: Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ ինք չէր եկած լրագրողները տեսնելու:
Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ պայքարի բոլոր ձեւերը չէ, որ սպառած են, եւ ի հարկէ դասեր տալու համար չէ, որ այստեղ եկած է իր զօրակցութիւնը յայտնելու: Ինք կ՛ուզէր իր զօրակցութիւնը յայտնել այլ դաշտերու մէջ:


