Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ պատրաստակամութիւն յայտնեց քննելու հացադուլէն դուրս գալու կարելիութիւնը, եթէ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելէ Ազատութեան հրապարակ եւ երաշխաւորուած լուծում առաջարկէ: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ ինք այլեւս ըսելիք չունի նախագահին:
Յովհաննէսեան «Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ինք սիրով կը լսէ նախագահ Սարգսեանի առաջարկները, որովհետեւ ամէն ինչ ինք ըսած է եւ այլեւս աւելցնելիք չունի: Ըստ Ժառանգութեան առաջնորդին, եթէ դատարանէն կամ Սարգսեանէն ստանայ երաշխաւորուած լուծում եւ յետոյ ինք այդ լուծումը ներկայացնէ ժողովուրդին լուծելու համար համազգային տագնապը, այն ժամանակ կը մտածէ հացադուլը դադրեցնելու մասին: Յովհաննէսեան յայտնեց, որ եթէ մինչեւ 9 ապրիլ Սարգսեան ուժ չունեցաւ հրաժարականը տալու, ուրեմն միասնաբար պիտի տօնեն թէ՛ որակով, թէ՛ քանակով համազգային տարողութեան նոր Հայաստանի երդմնակալութիւնը:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք պիտի համաձայնի՞ որեւէ բարձր պաշտօն ստանձնել, օրինակ` գլխաւորել նոր կառավարութիւնը, Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք պաշտօն չ՛ուզեր, այլ` Սերժ Սարգսեանէն լուծման ամբողջական, համալիր առաջարկի կը սպասէ:
«Ես միայն հրաժարականով չեմ պայմանաւորեր այս ճամբան, եթէ այլ լուծումներ կան, ես պատրաստ եմ լսելու զանոնք, բայց համապետական լուծում պէտք է ըլլայ, որ թոյլ կու տայ, որ հայ ժողովուրդը արձանագրէ անմիջապէս այդ զարթօնքը, այդ վերելքը, այդ ժայթքումը, որ 18 փետրուարին ի հեճուկս շատերուն արձանագրեց», ըսաւ Յովհաննէսեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ քաղաքական ուժերը իրեն կ՛այցելեն, սակայն իր շուրջ համախմբում չի ձեւաւորուիր, Րաֆֆի Յովհաննէսեան հակադարձեց, թէ կուսակցութիւններէն ալ վեր իրեն համար աւելի կարեւոր է քաղաքացիական միաւորումը: ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը ընդունելի նկատեց երէկ իրեն այցելած Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեանի առաջարկը, որ ընդդիմադիր բոլոր խմբակցութիւնները լքեն իրենց խորհրդարանական աթոռները:
Երկրորդ օրը հացադուլի մէջ գտնուող նախագահի նախկին թեկնածուն այժմ կը սպասէ Սահմանադրական դատարանի որոշումին: Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ յայտարարեց, որ կը հաւատայ,որ դատարանը իր անուան համապատասխան` սահմանադրական որոշում պիտի տայ: Ան յոյս ունի, որ Սահմանադրական դատարանը կարելիութիւն ունի ներկայացնելու 18 փետրուարի իսկական պատկերը:
Նախագահ Սարգսեան այժմ Մոսկուա կը գտնուի, եւ բազմաթիւ հարցեր ուղղուեցան Րաֆֆի Յովհաննէսեանին Եւրասիական միութեան, Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հեռանկարին վերաբերեալ: Ժառանգութեան առաջնորդը երկու նախաձեռնութիւններուն ալ դէմ արտայայտուեցաւ: «Թէեւ ատիկա չի նշանակեր, որ Հայաստան պէտք չէ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններ ունենայ ասիական պետութիւններու, Արեւելքի հետ, ինչպէս նաեւ թէկուզ դէտի` կարգավիճակով մասնակցի այդ նախաձեռնութիւններուն, բայց իբրեւ Արեւմտեան քաղաքակրթութեան աղբիւր` Հայաստան իր ապագան պիտի տեսնէ այդ ուղղութեամբ, եթէ անշուշտ Եւրոպան հասուննայ այդ մակարդակին, որ ինք ճանչնայ Հայաստանի ազգային շահը, ինքնիշխանութիւնը եւ մեր քաղաքացիներուն իրաւունքները», նշեց Յովհաննէսեան` աւելցնելով, որ միջազգային ձեւաչափերուն միանալէ առաջ շատ աւելի կարեւոր է կարգի բերել Հայաստանի տնտեսութիւնը: Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը ընդգծեց, որ պէտք է նախ արձանագրել, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը իւրացուած է քանի մը ընտանիքներու, սակաւապետերու եւ իշխանամերձ շրջանակներու կողմէ: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ Հայաստանի տնտեսութիւնը սպաննուած է ներսէն, ոչ թէ դուրսէն:


