Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներու դէմ յարձակումներու մէջ մեղադրուող Մուրատ Նազարեանի հետ հանդիպումէն ետք փաստաբան Էրեն Քեսքին պահանջած է ջնջել յարձակումներու գործով հետաքննութիւնը գաղտնի վարելու որոշումը եւ հետազօտել կասկածեալին հոգեկան վիճակը:
Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը կազմակերպած է Սամաթիոյ հայ կիներուն դէմ յարձակումներուն առնչուած մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին փաստաբան Էրեն Քեսքին յայտնած է, որ հանդիպած է բանտը գտնուող Մուրատ Նազարեանի հետ` շեշտելով, թէ հանդիպումին ընթացքին Մուրատ կու լար եւ հարցումներուն իբրեւ պատասխան կ՛ըսէր, թէ չի յիշեր:
«Ենթադրութիւնս այն է, որ Մուրատ Նազարեանը հիւանդ է: Եթէ այդ յարձակումները Մուրատ Նազարեանը կատարած է, ապա ան առանձին չէ եղած: Ականատեսները կը վկայեն, որ ինքնաշարժի մէջ երկու հոգի սպասած են: Բացի ատկէ, Մուրատ Նազարեանը որոշ ժամանակ թմրամոլութենէ բուժման հետեւած է եւ ուրիշներու համար օգտագործուող անձ մը կրնայ ըլլալ», նշած է Քեսքին` շեշտելով, որ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ հետաքննութիւնը գաղտնի կ՛ընթանայ, երբ կասկածեալը յայտնաբերուած է:
Էրեն Քեսքին ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ կասկածեալին մօտ կան հոգեկան շեղման մասին վկայող բազմաթիւ փաստեր եւ անհրաժեշտ է զինք դատաբժշկական ստուգման ենթարկել:
Այշէ Կիւնայսու Մարդկային իրաւանց միութեան անունով յայտարարած է, որ հակառակ անոր որ կը նշուի, թէ յարձակումներուն նպատակը թալանը եղած է, սակայն տուժողներու հետ զրոյցներուն մէջ չեն հաստատեր այդ փաստը:
«Թրֆանտա Աշըքը վայրկեաններ շարունակ ծեծած էին, սակայն տան իրերուն չէին դպչած, ոչինչ գողցած էին: Սուլթան Այքարը եւս դաժան ծեծի ենթարկած էին, սակայն ձեռքի պայուսակը վերցնելու փորձ չէին կատարած», ըսած է Կիւնայսու` պնդելով, որ լուրջ կասկածներ կան, որ Մուրատ Նազարեանը օգտագործուած է եւ անհրաժեշտ է գործը ամբողջութեամբ բացայայտել:
3 մարտին Պոլսոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր պոլսահայ Մուրատ Նազարեանը` մեղադրելով զինք Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներուն դէմ յարձակման մէջ: Թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթի թղթակիցը զրուցած էր Նազարեանի ծանօթներուն հետ եւ նշած, որ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ հաւատալ, որ Նազարեանը այդպիսի բան կրնար ընել:


