Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը երէկ առաւօտեան ռմբակոծած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ճամբարները:
Աշխուժ հարուածներ հասցուած են Զափ եւ Կորդուաց լեռներու շրջաններուն մէջ գտնուող ճամբարներուն: Յարձակումները կատարուած են «Էֆ-16» տիպի ռմբաձիգներու ճամբով:
Յարձակումները տեղի կ՛ունենան թուրք-իրաքեան լարուածութեան մթնոլորտի մը մէջ: Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի գլխաւորած Օրէնքի պետութիւն երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններէն Եասին Մեժիտ չորեքշաբթի օր կոչ ուղղեց վտարելու Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը:
Ան Իրաքի խորհրդարանի նիստին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց Իրաքի ներքին հարցերուն միջամտելու յանցանքով: «Ինչո՞ւ Էրտողան չի միջամտեր Եգիպտոսի, Լիպիոյ կամ Թունուզի ներքին հարցերուն», հարց տուաւ Մեժիտ:


