«Տը Քոլոմպըս Տիսփեչ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ զէնքի միութիւնը յայտարարած է, որ ուսուցիչներու համար հրաձգութեան դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին եւ ֆինանսաւորուին:
Ըստ կազմակերպութեան, ատիկա պիտի օգնէ կանխարգիլելու երեխաներու զանգուածային սպանութիւնները, ինչպէս վերջերս տեղի ունեցաւ «Սենտի Հուք» դպրոցին մէջ, ուր սպաննուեցան 27 անձեր, ներառեալ` 20 երեխաներ:
«Զինուած ուսուցիչներ» փորձառական ծրագիրը կը նախատեսէ եռօրեայ ուսուցում: Առաջին փուլին կազմակերպութիւնը պիտի ֆինանսաւորէ 24 ուսուցիչներու դասընթացքները:
Ըստ միութեան ներկայացուցիչներուն, ուսուցիչները եւ դպրոցներու աշխատակիցները «քանի մը տարուան ընթացքին» խնդրած են կազմակերպել մարզումներ, որոնք պիտի արտօնեն կանխարգիլել ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք նոր հրացանաձգութիւնները:
Զէնքի միութիւնը յոյս ունի, որ պիտի կարենայ ծրագիրի ընդարձակման համար հովանաւորներ գտնել:


