Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարացուցական Անհեթեթութիւն

November 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նոյեմբերի 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները ստորագրեցին «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին» համաձայնութիւնը, որուն բովանդակութիւնը անոր խորագիրէն աւելին էր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափէն դուրս ու ոչ խաղաղ ճամբով ձեռք բերուած տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» մը, որ հայկական կողմին համար կը պարունակէ ահաւոր հետեւանքներ:

Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայնութիւնը ներկայացուցին իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան «մնացեալ»-ի փրկութիւն մը, սակայն իսկութեան մէջ Արցախի ամբողջական կորուստի 5 տարիով յետաձգում մըն է: Արդարեւ, համաձայնութեան 4-րդ կէտը կը նշէ. «Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրամիաւորման մնալու տեւողութիւնը 5 տարի է` յաջորդ 5-ամեայ ժամանակահատուածներու համար ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը չի յայտարարեր այս կէտի կիրարկումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին, ժամկէտի լրանալէն 6 ամիս առաջ»: Ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Ազրպէյճան 4 կամ 5 տարի ետք յայտարարէ, որ համաձայն չէ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան երկարաձգման եւ ռուսական բանակին հեռանալէն ետք ամբողջացնէ Արցախի գրաւումը` անարգել մուտք գործելով «փրկուած» տարածքներ, ուրկէ արդէն համաձայնագիրի 4-րդ կէտի հիմամբ հինգ տարիէ ի վեր հեռացած պիտի ըլլան հայկական զինեալ ուժերը, ուստի եւ շատոնց չքացած պիտի ըլլայ ինքնապաշտպանութեան յոյսը:

Դժբախտաբար Հայաստան եւս միացաւ «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-է ետք տարածքներ կորսնցուցած երկիրներու` Վրաստանին ու Ուքրանիոյ շարքին, երբ 1001 անգամ գրգռեց ռուսական արջը: Արդարեւ, փոխան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրեց հակառուս օրակարգ մը, որուն բազմաթիւ օրինակներէն են ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ դատական հայցի յարուցումը, որ Ռուսիոյ վարկին հասցուած մեծ հարուած մըն էր, ինչպէս նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ անոր կուսակցութեան ներկայացուցիչներու Ռուսիոյ ԵԽԽՎ վերադարձին դէմ քուէարկելու անմտութիւնը: Այս բոլորի կողքին, Փաշինեան նաեւ նեղացուց Իրանը` Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալով:

Հետեւանքը ակներեւ է եւ ահաւոր: Արձանագրուած ողբերգական ձախողութենէն ու անոր աղէտալի հետեւանքէն ետք, ժողովրդավարական արժեհամակարգն ու քաղաքական պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրեն, որ Փաշինեան ստանձնէ իր ձախող քաղաքականութեան ու անոր հետեւանքին պատասխանատուութիւնը եւ հրաժարի իր պաշտօնէն, սակայն ահա իր իշխանամոլութեան ու բարոյահոգեկան արժեհամակարգին մասին վկայող քայլով մը կը փորձէ ամէն գնով պահպանել զայն` իր սեփական սխալ քաղաքականութեան պատասխանատուութիւնը ուրիշներուն վիզին փաթթելու անհեթեթութեամբ:

Իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան իր դիմատետրեան էջին վրայ ամէնէն պարզամիտ անձին համար իսկ հասկնալի օրինակով մը կ՛ընդգծէ Փաշինեանի փորձին անհեթեթութեան տարողութիւնը. «Պատկերացուցէք` ինքնաշարժ կը գնէք ու անձ մը 5 տարիով աշխատանքի կ՛ընդունիք` ընտանիքի համար վարորդութիւն կատարելու համար (ցաւօք, չէք ալ ստուգած` ունէր թէ չունէր վարորդական իրաւունք): 2 ու կէս տարի ետք այդ վարորդը, ինքնաշարժը «գերիշխան» ու ինքնավստահ վարելուն պատճառով, խայտառակ ձեւով մը կ՛ենթարկէ արկածի, որուն հետեւանքով ինքնաշարժը ջարդուփշուր կ՛ըլլայ, ընտանիքի անդամներէն մէկն ալ կը զոհուի: Ու ի՞նչ: Յաջորդ օրը այս վարորդը կու գայ գործի, կը ցաւակցի ընտանիքի անդամի մահուան համար, կրկին կը նստի ջարդուփշուր եղած ինքնաշարժին ղեկին ու կը պատրաստուի շարունակել իր վարորդութիւնը` պնդելով, որ ինք օրինական վարորդ է, իսկ արկածի պատճառն այն է, որ նախորդ վարորդը պարբերաբար պենզին կը գողնար: Նաեւ կը պնդէ, որ ինք բոլորէն աւելի լաւ վարորդ է, որովհետեւ երբեք-երբեք պենզին չէ գողցած: Եթէ այս վիճակը բնական կը համարէք, ապա ձեզ` ամենայն բարիք»:

 

 

Նախորդը

Համակ Սէր… Եւ Արժանիքներու Շղթայ Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.