Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային իրադարձութիւններու եւ աշխարհի քաղաքականութեան մէջ որոշիչ դէմքերու յայտարարութիւններուն հետեւելով`  յաճախ կ՛անդրադառնաս, թէ ո՛վ է, ի՛նչ կրնայ ընել, ի՛նչ ըրած է եւ ինչո՛ւ հասած է այդ դիրքին:

Պայման չէ, որ կարողութեան տէր ըլլան: Ոչ ալ պայման է նախապէս ի՛նչ գործ ստանձնած ըլլալը, ինչ պայմաններով այսօր ո՛ւր հասցուցած է իր ստանձնած պարտականութիւնները:

Կարեւորը այն է, որ նախագահական կամ վարչապետական պաշտօններու վրայ են:

Իրենց տեղ մտածող ալ կայ, որոշող ալ կայ, կարեւորը կը վայելեն իրենց քուէարկութեան վստահելիութիւնը:

Այսպէս կը գործեն ներկայիս փոքր պետութիւններէն մինչեւ մեծերը:

Հակասական յայտարարութիւններ, թշնամի-դաշնակից արագ փոփոխութիւններ, պատերազմներ, զինադադարներ, կեղծ խաղաղութիւններ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի չորս կողմը ասոնք այսօրուան պատկերը կը կազմեն:

Հիմա, այս բոլորէն ետք գալիք աղէտներուն պատրաստ, միշտ ալ վատին եւ վատագոյնին ակնկալութեամբ, տեսնենք, թէ ո՛ւր պիտի հասնինք:

Սակայն համաշխարհային երեւոյթը այնպէս է, որ ամէն մարդ ամէն բան կրնայ ընել. մարդկային իրաւունքներուն, ժողովուրդներու արդարութեան եւ ինքնիշխանութեան օրակարգ չկայ: Կայ ուժը: Ուժը օրէնքի վերածուած է: Ուժով ամէն բան կը պարտադրուի: Փաստը Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած խօսքն է: Պաղեստինցի կամ Հըզպալլայի անդամ պէտք չէ ըլլաս, որ անպայման ընդվզիս, պարզապէս ամբարտաւան, յարձակողական եւ անմարդկային իր ելոյթին ոչ ոք հակազդեց,  նոյնիսկ ՄԱԿ-ի ժողովի նախագահը չմիջամտեց:

Այսպէս պէտք է թարգմանել վերէն վար այսօր միջազգային երեւոյթները:

 

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ

RelatedPosts

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը
Անդրադարձ

Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ

October 3, 2026
Հայուն Խաչքարը
Անդրադարձ

Շահէին Պատմութիւնը

October 3, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Նոր Պատերազմի՞, Թէ՞ Նոր Իրականութեան Շեմին

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.