Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ` Նեհմաթ Աունի, 2025 թուականի հոկտեմբերին հոյակապ ծրագիր մը ի գործ դրուեցաւ` «Քաղաքացիութեան դպրոց» անունով, որուն նպատակն էր նոր երիտասարդ սերունդներու ձեւաւորումը` յաջող քաղաքացիներու պատրաստութեան ծիրին մէջ: Այս ծրագիրը մեծապէս գնահատուեցաւ տեղական, կառավարական շրջանակներու կողմէ, ուր ներառուած է նաեւ կրթութեան դերը`  Լիբանանի մէջ լաւ քաղաքացիներ պատրաստելու առումով:

Ա. տիկնոջ այս տեսլականը հիմնաւորուած էր այն համոզումով, որ դպրոցները քաղաքացիական օրրաններ են, ուր առաջին անգամ կը սկսի ազգային հոգին բաբախել, եւ ուր կը պատրաստուի քաղաքացիներու լաւ սերունդ մը, որ երկիրը կրնայ առաջնորդել հոգատարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ:

Սակայն, նախքան այս դպրոցին մասին տեղեկացնելը, պէտք է անդրադառնանք, թէ ի՛նչ է քաղաքացիութիւնը: Որոշ բացատրութեամբ, ան կը նշանակէ համայնքին ընկերութեան անդամակցութիւն, եւ որ կը սահմանէ գործունէութեան շրջանակը: Պետական գետնի վրայ քաղաքացիութիւնը այն կարգավիճակն է, որ անհատին եւ պետութեան միջեւ փոխյարաբերութեան, իրաւունքներու եւ պարտաւորութեան սահմանները կը ստեղծէ եւ կը ճշդէ: Ուրիշ ձեւով, քաղաքացիութիւնը ազգութեան հոմանիշն է, որովհետեւ քաղաքացիական հոգին կը բխի ազգասիրութեան հոգիէն: Հոս յիշենք, որ մենք` հայերս, սփիւռքի հայերը, երբ առիթը ընձեռնուեցաւ, մեծ մասը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացան` իրենց ազգասիրական հոգիներով տարուած:

Քաղաքացին համայնքի այն անդամն է, որ ազգային, պետական, կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ իրեն արտօնուած իրաւունքները լիովին կը կատարէ եւ երկրին օրէնքները կը պաշտպանէ թշնամիներէն: Բայց պէտք է յիշել, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր քաղաքացիական օրէնքներու պայմանագիրները, որոնք կը տարբերին երկրէ երկիր. օրինակ, Միացեալ Նահանգներ կը տարբերին եւրոպական ուրիշ երկիրներէ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանը միւս արաբական երկիրներէն:

Լիբանանի համար այս «Քաղաքացիական դպրոց»-ի ծրագիրը, պատմական պահ մըն է, որուն նախաձեռնութիւնը կատարուեցաւ կրթութեան նախարարութեան հետ  գործակցաբար: Ծրագիրին բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2025-ին` ներկայութեամբ նախարարներու, դեսպաններու, մասնագէտներու եւ դպրոցներու պատասխանատուներու, որոնք բարձր գնահատեցին այս գործընթացը եւ ծրագիրին միտումը, որ կ՛ընդգծէ կրթութեան դերը` Լիբանանի մէջ լաւ քաղաքացիներ պատրաստելու առումով:

Ան հիմքը դրաւ դպրոցական քաղաքացիութեան միասնական ազգային չափանիշի ստեղծման` դպրոցներուն տալով կարելիութիւններ դառնալու քաղաքացիական արժէքներու եւ պատասխանատուութեան կեդրոններ, ինչպէս նաեւ` փոխակերպման շարժիչ ուժեր, սերմանելով ժողովրդավարական արժէքներ, քննադատական մտածողութիւն եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւն:

Այս ծրագիրը գործադրուեցաւ 4 փուլերով.

Ա. փուլին ծրագիրը սկսաւ 150 դպրոցներու մէջ` պետական կամ սեփական, Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր ընտրուեցան դպրոցներ, որոնք ընդառաջեցին այս փափաքին: Հոս յիշենք, թէ որոշ հայկական դպրոցներ ալ մասնակցեցան այս ծրագիրին: Հոս դժուարութիւնը այն էր, որ որոշ դպրոցներ պատերազմի պատճառով գաղթակայանի վերածուած էին, ուստի այդ դպրոցներու աշակերտութիւնը դժբախտաբար չկրցաւ այս ծրագիրին մաս կազմել:

Բ. փուլին 150 տնօրէններ եւ 450 ուսուցիչներ վարժողական դասընթացքներու հետեւեցան, որպէսզի կարենան իրենց աշակերտներուն քաղաքացիական ճշգրիտ օրէնքները փոխանցել:

Գ. փուլը աջակցութեան եւ 30.000 աշակերտի մասնակցութեան շրջան էր, որ ունեցաւ իր վարժողական նիստերն ու գործունէութիւնները:

Դ. փուլը ցուցանիշի (index) եւ հաշուետուութեան ժամանակն էր, երբ դպրոցներ տրուած այցելութիւններուն հիման վրայ աշակերտներուն կեցուածքը, հետաքրքրութիւնը գնահատուեցաւ, եւ կամ նկատելի դարձաւ անոնց անտարբեր ընթացքը: Այս փուլը օգնեց ապագայի ծրագիրներու պատրաստութեան առումով:

Ե. փուլով կը պատրաստուի ազգային համագումար մը, ուր պիտի արձանագրուին յաջողութիւնները եւ կամ ձախողութիւնները:

Ընդհանուր պատկերն է` 150 դպրոց, 150 տնօրէն եւ ուսուցիչի վարժողութիւն, 30.000 աշակերտի մասնակցութիւն, 1,6 միլիոն, ժողովուրդի թուային հարթակի հետեւողութիւն, նաեւ տեղի ունեցան 73 վարժողական նիստեր` 438 ժամ տեւողութեամբ, 12 կեդրոններու մէջ, ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ 18 դպրոցներ ցանցերու ներգրաւում ունեցան (Networks engaged):

Այս ծրագիրը պիտի կրկնուի 5 տարիներու ընթացքին, հետեւելով անոր ազդեցութեան` ապագայի յաջող քաղաքացիներու պատրաստութեան մէջ:

Լիբանանի համար այս ծրագիրը պատմական է, որովհետեւ ան պիտի ծառայէ յաջող պատասխանատու քաղաքացիներ պատրաստելու գործընթացին` տրուած ըլլալով, որ համերաշխութեան, ճշմարտութեան մշակոյթը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ապագայի երկրին յաջողութեան մէջ: Նաեւ պիտի ամրապնդէ երիտասարդներուն պատկանելիութեան զգացումը ու զարգացնէ համայնքային քաղաքացիական գործունէութիւնը` երիտասարդներու գլխաւորութեամբ:

 

 

Նախորդը

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

Յաջորդը

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը
Անդրադարձ

Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.