Ստորեւ կու տանք երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած հանդիպումին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի խօսքը:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Բարի եկած էք Պուրճ Համուտ. շնորհակալ ենք մեր հրաւէրին ձեր ընդառաջելուն. այս հանդիպումին նպատակն է իրազեկ դարձնել հանրային կարծիքը, թէ ի՛նչ աշխատանք կատարուած է եւ ի՛նչ կը ծրագրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտին ի տես:
Այս աղէտը եկաւ վատթարացնելու հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապները, եւ հարուածեց բոլորը` առանց կրօնական կամ քաղաքական խտրութեան:
Այժմ աւելի քան 50 օր անցած է, եւ անհրաժեշտ է անցնիլ բազմաթիւ մարմիններէ ժողովուրդին տրուած խոստումներու գործադրութեան փուլին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նախանձախնդիր է դիւրացնելու եւ համակարգելու այդ ուղղութեամբ թափուած ճիգերը` կանխարգիլելու համար ժամանակի եւ միջոցներու մսխումը:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շնորհակալ է եւ բարձր կը գնահատէ բարձրացած զօրակցութեան ալիքը ազգային եւ միջազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ` սկսեալ կրօնականէն մինչեւ պետական ու պաշտօնական, տեղական ու միջազգային անձնաւորութիւններուն եւ մարմիններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ միութիւններու, քաղաքապետութիւններու եւ կամաւորներու կողմէ:
Հոս թոյլ տուէք նկատել տամ, որ կ՛ակնկալէինք ազդու ներկայութիւն կամ առնուազն բարոյական զօրակցութիւն Մեթնի ներկայի եւ նախկին ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, հակառակ իր սահմանափակ միջոցներուն, առաջին օրէն կ՛աջակցի շտապ օգնութեան եւ փլատակներու մաքրութեան ու ապահովութիւնը պահպանելու աշխատանքներուն: Շնորհակալ ենք եւ բարձր կը գնահատենք այս առնչութեամբ շրջանի բնակչութեան գործակցութիւնը:
Քաղաքապետարանը նաեւ փութաց շէնքերու կրած վնասներու ցանկագրումին` կանխարգիլելու համար ընդհանուր անվտանգութեան ամէն սպառնալիք: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ բազմաթիւ կողմերու հետ գործակցաբար:
Այժմ աշխատանք կը տանինք ապահովելու համակարգումը եւ դիւրացնելու ժողովուրդին օժանդակութիւններ ապահովելու նախաձեռնութիւնները:
Բարձր կը գնահատենք Լեռնալիբանանի նահանգապետին ու Մեթնի գաւառապետին զօրակցութիւնը: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք լիբանանեան բանակին, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն, միջազգային ու տեղական կազմակերպութիւններուն, կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն:
Եզրափակելու համար կը վերահաստատենք մեր վճռակամութիւնը` վերականգնելու շրջանն ու անոր բնակչութիւնը:
Շնորհակալութիւն: