Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Լուրեր

Սեպտեմբեր 18, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
41 թոն օժանդակութիւն պարունակող
յունական նաւը կը հասնի Պէյրութի նաւահանգիստ

Բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստ հասած է յունական նաւ մը, որ կը պարունակէ 41 թոն բժշկական, սննդեղէնի եւ շինարարութեան նիւթերու օժանդակութիւն, որ գոյացած է Յունաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան ջանքերով`  համագործակցութեամբ յունական-ամերիկեան մշակութային կազմակերպութեան: Կարգ մը անձնական ընկերութիւններ եւս 127 թոն օժանդակութիւն ուղարկած են:

Ֆրանսայի զինուորական ստորաբաժանումը
աւարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի փլատակներու
վերացման իր առաքելութիւնը\

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսացի զինուորական կցորդ, գնդապետ Ֆապրիս Շափելը, որ կը գլխաւորէր զինուորական պատուիրակութիւն մը:

Գնդապետ Շափել մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց չորեքշաբթի օր իր լրումին հասած Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ իրականացուած փլատակներու վերացման առաքելութեան գծով, որ կատարուեցաւ ֆրանսական զինուորական ստորաբաժանումին կողմէ` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:

Ֆրանսական ստորաբաժանումը Ֆրանսա պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբթուան սկիզբը:

Պէյրութի հրշէջներու բողոքի ցոյց

Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքի անդամները բողոքի ցոյց մը կատարեցին քաղաքապետարանին առջեւ եւ պահանջեցին իրենց նիւթական ու բարոյական իրաւունքները` նշելով, որ բազմաթիւ անդամներ, որոնք հանգստեան կոչուած են, թշուառ կեանք կ՛ապրին:

Անոնք կոչ ուղղեցին, որ հրշէջները ստանան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներուն նոյն իրաւունքները` պահանջելով նիւթական հատուցումներու տրամադրման գործընթացի արագացումը` նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած հրշէջներու ընտանիքներուն:

Ցոյցին ընթացքին տեղի ունեցաւ բախում հրշէջներուն եւ Պէյրութի քաղաքապետին թիկնապահներուն միջեւ: Հրշէջները շեշտեցին հետեւեալը. «Կշտացանք խոստումներէն, մենք ամէն օր վտանգի տակ ենք, մենք մեր իրաւունքներէն մաս մը կ՛ուզենք: Եթէ մեռնինք, մեր զաւակները անօթի կը մեռնին»:

Նախորդը

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 26.768-ի, Մահուան Պարագաներունը` 263-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 10.217-ի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?