Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամէն Ինչ Ընենք, Որ Մարդիկ, Որոնք Վերադարձած Են Հայրենիք, Այլ Երկիր Երթալու Ցանկութիւն Երբեք Չունենան»

August 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ ընկերուհի Շաղիկ Մարուխեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի «Հայրենադարձներու» յանձնախումբի պատասխանատու ընկերներու մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցանք խումբ մը հայրենադարձներու հետ», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշած է. «Հանդիպումի ընթացքին քննարկեցինք մեր հայրենակիցներուն խնդիրները եւ անոնց լուծման միջոցները: Խնդիրները իսկապէս շատ են, ու, ցաւօք, հայկական պետութիւնը պահանջուող քայլերը չի ձեռնարկեր, որ մեր հայրենակիցներուն կեանքը հայրենիքի մէջ աւելի դիւրին ըլլայ:

Մենք յառաջիկային անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք, որպէսզի հայրենադարձած անձերու խնդիրները լուծուին օրէնքի ուժով», ընդգծած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Հանդիպումը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու անդամ Շաղիկ Մարուխեանը, քննարկուած են հայրենադարձ լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու  խնդիրները:

Ողջունելով ներկաները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը իր ամբողջ ներուժը միշտ օգտագործած է` օժանդակելու համար հայրենադարձներուն` հայրենիքի մէջ հաստատման եւ վերջիններուս մօտ վերստին արտագաղթի ցաւալի դէպքերու նուազեցման:

Ըստ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցչին, հարցերը շատ են ու բազմաշերտ եւ անոնք ունին առարկայական ու ենթակայական պատճառներ: Անոնք պէտք է արձանագրուին պետական պատկան մարմիններուն կողմէ, ուսումնասիրուին, եւ համապատասխան ջանքեր գործադրուին` անոնց արագ լուծում տալու ուղղութեամբ:

Քննարկումին ներկայ լիբանանահայ եւ սուրիահայ հայրենադարձները մատնանշեցին զիրենք յուզող եւ հրատապ լուծման կարօտ շարք մը հարցեր:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Կը Դատապարտէ Հայ Սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի Հանդէպ Ազրպէյճանի Նուաստացնող Վերաբերմունքը

Յաջորդը

Յանուն Լիբանանահայութեան Եւ Սուրիահայութեան. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 30, 2026
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.