Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Դ. Խորհրդաժողովին. «Լիբանանը Պէտք Է Զերծ Կացուցել Սուրիացիներուն Դէմ Որդեգրուելիք Պատժամիջոցներուն Հետեւանքներէն, Յատկապէս` «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցին» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

July 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ելեկտրոնային կապով մը մասնակցեցաւ «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցութեան» Պրիւքսելի Դ. խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գործակցիլ` ի խնդիր սուրիացի տեղահանուածներուն տառապանքին մեղմացման, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ երկիրներու կարողութիւններուն ամրապնդումին:

Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման բացակայութեան լոյսին տակ ամէնէն աւելի տուժողները կ՛ըլլան սուրիացի տեղահանուածները:

Ան շեշտեց, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի փրկել երկիրը, որ լուրջ տագնապներու մէջ է, եւ այդ տագնապներուն պատճառով ալ անոր քաղաքացիներուն մեծ մասը վերածուած են տկար հասարակութեան:

«Լիբանանը պէտք է զերծ կացուցել սուրիացիներուն դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցներուն ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ, յատկապէս «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցին», շեշտեց վարչապետ Տիապ` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարի լուծումը կը կայանայ անոնց ապահով տունդարձին մէջ, եւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելը պէտք չէ կապել տեղահանուածներուն տունդարձին հետ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապին որոշումով,  պետական հաստատութիւններուն, վարչութիւններուն, քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններուն մէջ յաւելեալ ժամեր աշխատելու դրութիւնը այսօրուընէ սկսեալ վերջ պիտի գտնէ:

Նշենք, որ վարչապետարանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ երէկ ՄԱԿ-ի մէջ լիբանանեան ներկայացուցչութեան կողմէ` արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով տեղեակ պահուած է, թէ Լիբանան ընտրուած է ՄԱԿ-ի 75-րդ ընդհանուր ժողովին փոխնախագահներէն մէկը:

 

Նախորդը

Պըրրի Քանաանէն Ստացաւ Ելեւմտական Հարցերու Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբին Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Մինչ Ընդհանուր Զօրաշարժը Կ՛երկարաձգուի Մինչեւ 2 Օգոստոս, Այսօր Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Վերսկսի Իր Աշխատանքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.