Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան 15 ապրիլին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Արցախի մէջ 14 ապրիլին կազմակերպուած նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին արդիւնքները: Ըստ տուեալներուն Արայիկ Յարութիւնեան ստացաւ 39.860 քուէ (կամ ձայներուն 88 առ հարիւրը), իսկ Մասիս Մայիլեան 5.728 քուէ (կամ ձայներուն 12 առ հարիւրը):
Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը նշեց, որ քուէարկելու իրաւունք ունեցող 104.777 քաղաքացիներէն 47.165-ը կամ 45 տոկոսը մասնակցած է ընտրութիւններուն:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս շնորհաւորեցին Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի նախագահ ընտրուելուն առիթով: