Երէկ առաւօտեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը:
Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի Հանրապետութեան ամրացումը, հայոց բանակի հզօրացումը եւ տնտեսութեան զարգացումը մեր Սուրբ աթոռին համար միշտ եղած են առաջնահերթ յանձնառութիւն: Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր յանձնառութիւնը գործի վերածող ծրագիրներ մշակած ենք, թէ՛ կաթողիկոսարանը ուղղակիօրէն, եւ թէ՛ իր թեմերուն ճամբով: Կը վստահեցնենք ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք գործնապէս մասնակից դառնալ Արցախի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն»: