Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիտալի Բալասանեանն Ու Արայիկ Յարութիւնեանը Գնահատեցին ՀՅԴ-ն. « Ոեւէ Ընտրուած Ղեկավար Սիրով Պիտի Համագործակցի Դաշնակցութեան Հետ»

Մարտ 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առաւօտ»-ը կը գրէ.- «Արցախի նախագահի թեկնածուներու բանավէճին  ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան հարցում ուղղեց Վիտալի Բալասանեանին: Իշխանեան ըսաւ, որ Բալասանեանը քաջածանօթ է  երկրի անվտանգային համակարգին եւ ինք կը գնահատէ անոր անցած ճամբան, ապա հարցուց, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Դաշնակցութեան մասին, ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ այդ կուսակցութիւնը Արցախի անվտանգային համակարգը հզօրացնելու, կայունութիւնը  ապահովելու, Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը  ապահովելու առումով: Վիտալի Բալասանեան ըսաւ, որ 90-ականներու սկիզբը, առաջին զէնք զինամթերքը ստացած են Լիբանանէն`  Դաշնակցութեան միջոցով. «Մենք բաւական երկար ճամբան անցած ենք Դաշնակցութեան հետ:

«Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումը` 1991-1994-էն մինչեւ 2005, 2005-ին մենք միասին մասնակցած ենք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, նոյնը` 2010-ին, եղած ենք մէկ խմբակցութեան  պատգամաւորներ: Այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իբրեւ  քաղաքական ուժ, խմբակցութիւն ներկայացուած չէ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մէջ, մինչդեռ Դաշնակցութիւնը մինչեւ այսօր սփիւռք, Հայաստան, Արցախ մեր կապն է, այսօր ալ աւելի քան կարեւոր է, որ  Դաշնակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ունենայ իր տեղը, դերը եւ նշանակութիւնը, իբրեւ  ազգային կուսակցութիւն: Համոզուած եմ, որ ձեր մեծ լուման պիտի ներդնէք մեր երկրի անվտանգութեան եւ պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ», նշեց Բալասանեան:

Իշխանեանը Արայիկ Յարութիւնեանին ըսաւ, որ, ըլլալով  պետական նախարար, ան եւս քաջածանօթ է սփիւռքի ներուժին, Դաշնակցութեան հրաւէրներով յաճախ այցելած է արտասահման: Ան խնդրեց, որ  Արայիկ Յարութիւնեանն ալ կարծիք յայտնէ Դաշնակցութեան մասին:

«Շարք մը հանդիպումներ ունեցած եմ, ընդհուպ մասնակցած Դաշնակցութեան մեծ խորհրդաժողովներուն, կարելիութիւնս միշտ օգտագործած եմ շնորհակալութիւնս յայտնելու` սկսած 1988-ին զէնքի մատակարարումէն: Ընդհանուր առմամբ Դաշնակցութեան դերը հայապահպանման գործին մէջ, վերջին գոնէ 120 տարիներուն, գնահատելի է: Ըլլալով սփիւռքի մէջ` ոչ միայն տեսած եմ Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքը, այլ նաեւ գոհունակութիւն յայտնած, թէ ինչքան հայրենասէր եւ զարգացած սերունդ կը դաստիարակեն», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան: Ըստ անոր, ինչ ալ ըլլայ քաղաքական ընթացքը, Դաշնակցութեան դերը մեծ պիտի ըլլայ: «Ոեւէ ընտրուած ղեկավար սիրով պիտի համագործակցի Դաշնակցութեան հետ», ընդգծեց Արայիկ Յարութիւնեանը:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Զինուոր Մը Եւս Վարակուած Է

Յաջորդը

Այսօրուան Մարտահրաւէրը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?