Կառավարութիւնը այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին «Քորոնա» ժահրին վերաբերող վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի թղթածրարը:
Լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ամսական աշխատավարձ ստանալու նպատակով ելեկտրոնային դրամարկղերուն մօտ երէկ նշմարուեցաւ քաղաքացիներու եռուզեռ մը, որ վտանգաւոր եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը նկատուի եւ ամբողջովին հակասող «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժին եւ կառավարութեան պարտադրած ցուցմունքներուն:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան երէկուան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն թիւը հասած է 446-ի` նշելով, որ երէկ միայն 8 նոր պարագաներ արձանագրուած են:
Նախարարութիւնը բոլոր քաղաքացիներէն խնդրեց յանձնառու մնալ իր ճշդած ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ հետեւիլ ընդհանուր զօրաշարժի եւ կրակմարի դրութեան որոշումներուն` դուրս չգալով բնակարաններէն:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, թէ հիւանդանոցին մէջ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 64 պարագաներ, որոնք առողջական մեկուսարաններու մէջ կը գտնուին:
Հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ մահացած է վարակուած պարագայ մը, որ ութսուննոց քաղաքացի մըն էր, իսկ բուժուած են երեք այլ պարագաներ:
Այս թիւերուն համաձայն, «Քորոնա» ժահրէն բժշկուողներուն թիւը կը հասնի 35-ի, իսկ մահացողներունը` 11-ի:
Ժիպէյլի «Սայիտաթ Մաունաթ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 4 պարագաներ լիովին ապաքինած եւ դուրս եկած են հիւանդանոցէն: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ անոնցմէ երեքը հիւանդանոցին մէջ գործող անձնակազմէն են:
Հիւանդանոցին մէջ տակաւին կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 6 պարագաներ, որոնցմէ մէկուն առողջական վիճակը անկայուն է:
«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ, Սայտայի կառավարական հիւանդանոցը պաշտօնապէս յայտնեց, որ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն յատուկ բաժանմունքի մը պատրաստութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի աւարտի:
Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին շեշտեցին, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր բանտերուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներ չկան:
Համատ Հասան. «Պէտք Է Յանձնառու Մնալ Կառավարութեան Ցուցմունքներուն»
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող առողջական ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով յառաջիկայ փուլին մարտահրաւէրները:
Հանդիպումէն ետք Հասան յայտնեց, որ Պըրրիի ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքները` ընդգծելով, որ Լիբանան իր համեստ կարողութիւններով մինչեւ օրս կրցած է հակակշիռի տակ պահել «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
«Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ ընդգծել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ յատկապէս վարչապետ Հասսան Տիապի զօրակցութիւնը` նախարարութեան որոշումներուն եւ որդեգրած ծրագիրին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն յանձնառութիւնը` հետեւելու ցուցմունքներուն եւ ենթարկուելու ընդհանուր զօրաշարժի որոշումին: Առանց համագործակցութեան անկարելի է «Քորոնա» համաճարակին տարածումը հակակշռել», ըսաւ ան:
Հասան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն վերադարձին վերաբերող հարցեր` հաստատելով, որ անոնց տունդարձը պէտք է ըլլայ ապահով, եւ պէտք է յարգել առողջապահութեան նախարարութեան ճշդած չափանիշները: «Պըրրիի մօտ շօշափելի է արտերկրի լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան առողջութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը: Ան կը փափաքի, որ արտերկրի լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան, ուր անոնք եւս բժշկական խնամք պիտի ստանան», շեշտեց Հասան:
Հասան առաւօտեան հիւանդանոցներու տնօրէններուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող կառավարական բոլոր հիւանդանոցները` իրենց ունեցած սարքերով եւ ներկայ վիճակով, պիտի ընդունին «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաները: Ան նշեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր հիւանդանոցները պատրաստ պիտի ըլլան լիբանանցիներուն ծառայելու` աւելցնելով, որ ներկայ փուլը կարիք ունի բոլորին համագործակցութեան:
Հասան ընդգծեց, որ անկարելի է հիւանդանոցներուն կողմէ քաղաքացիները վանել եւ կամ պատասխանատուութենէ փախուստ տալ: Ան հաստատեց, որ նման որեւէ պարագայի հիւանդանոցը հետապնդումի պիտի ենթարկուի եւ պատասխանատուութեան պիտի կանչուի:
Հասան դիտել տուաւ, որ կարգ մը հիւանդանոցներ արդէն իսկ հետաքննութեան ենթակայ են, որովհետեւ անոնք մերժած են հիւանդներ: «Անկարելի է այս ձեւով շարունակել եւ մարդ արարածին կեանքը վտանգի ենթարկել», հաստատեց ան: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ«Քորոնա» ժահրով վարակուածները ընդունելու իմաստով առողջապահութեան նախարարութեան հետ տակաւին չգործակցած հիւանդանոցները իրենց կարգին ընդառաջեն իր կանչին եւ պատրաստ ըլլան գործակցութեան:
Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի օժանդակէ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները զերծ պիտի կացուցէ վարկերու վճարումներէն, մեքանիքի տուրքէն եւ շարք մը այլ նիւթական պարտաւորութիւններէ` նկատի ունենալով տիրող ներկայ պայմանները: Ան ընդգծեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել օժանդակելու համար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ապրուստը կրնային ապահովել, սակայն ընդհանուր զօրաշարժին պատճառով ստիպուած են մնալու տան մէջ:
Մշարրաֆիէ հաստատեց, որ քաղաքապետարաններուն ճամբով քաղաքացիներուն հասնելիք սննդեղէնի ծրարը 5 անդամներէ բաղկացող ընտանիքի մը համար մէկ ամիս բաւարարող ուտեստեղէնի ծրար մըն է: Ան աւելցուց, որ նախարարութեան մշակած օժանդակութեան այս ծրագիրը վեց ամսուան վրայ կ՛երկարի:
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ, կառավարութեան որոշումին համաձայն, «Քորոնա» ժահրի վարակումէն պաշտպանուելու համար դիմակներ եւ անձնական պաշտպանութեան ծառայող իրեր արտադրող գործարանները յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին պէտք է ներկայանան նախարարութիւն եւ արձանագրեն իրենց ընկերութիւններուն անունները, ինչպէս նաեւ իրենց արտադրութեան եւ անոր չափանիշներուն մասին տեղեկագիր ներկայացնեն:
Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս պայմանը ճշդուած է պետութեան կողմէ, որպէսզի այդ գործարաններուն աշխատանքը կանոնաւորուի, եւ անոնք կարենան իրենց արտադրութիւնները վաճառել, այլապէս անոնց աշխատանքը պիտի նկատուի ապօրինի, իրենց արտադրութիւններուն վաճառքը պիտի արգիլուի` հասնելով մինչեւ անոնց գործարաններուն փակումին:
Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատախազ Սուհել Ապպուտ երէկ հրապարակեցին միացեալ շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բոլոր Արդարութեան պալատներն ու դատարանները փակ պիտի մնան մինչեւ 12 ապրիլ 2020:
Անոնք հաստատեցին, որ ընդհանուր զօրաշարժը շարունակելու իմաստով կառավարութեան տուած որոշումին համաձայն, բոլոր դատավարութիւնները կ՛առկախուին, բացի դատական հեղինակութիւններուն վերաբերող այն ծառայութիւնները, որոնք անմիջական կերպով պէտք է կատարուին, ինչպէս` արգելափակեալներու ազատ արձակումին վերաբերող հարցեր:
Նոյն շրջաբերականին մէջ ընդգծուեցաւ, որ դատական իշխանութիւններու վարչական անմիջական աշխատանքները ընթացքի մէջ դնելու նպատակով հարկ է նուազագոյն պաշտօնեաներով գործել:
Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հանդիպում մը ունեցան Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ, ներկայութեամբ պատուիրակութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ արտերկրի մէջ գտնուող լիբանանցիներու տունդարձին կարեւորութիւնը` պայմանաւ, որ անոնց վերադարձը կատարուի նախազգուշութիւնները յարգելու շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ դրամատուները հարկ եղած գումարներու փոխանցումները պիտի յղեն ուսանողներուն:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանեան դրամատուները կասեցուցած են իրենց յաճախորդներուն ամերիկեան տոլարի յանձնումը, մինչեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացումը:
Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դրամատուներու միութեան պատասխանատուներէն մէկը, որ մերժած է իր անունը տալ, յայտնած է, թէ ամերիկեան տոլարը Լիբանանի կողմէ կը ներածուէր, սակայն օդակայանը փակ ըլլալուն պատճառով այդ աշխատանքը վերջ գտած է:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէ յայտնեց, որ Լիբանան արդէն տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ էր, եւ կառավարութիւնը արդէն իսկ կ՛ուղղուէր նիւթական օժանդակութիւններ ապահովելու` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրը յաւելեալ բեռ մըն էր Լիբանանի կառավարութեան համար:
Ան նշեց, որ կառավարութեան մշակած ելեւմտական եւ տնտեսական ծրագիրը կ՛աւարտի մայիս ամսուան աւարտին` նշելով սակայն, որ նախքան այդ պիտի մշակուին կարգ մը ծրագիրներ եւ պիտի ճշդուի գործիքակազմ մը: Նաամէ յայտնեց, որ լիբանանեան շուկայէն ամերիկեան տոլարը անհետացած է` Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան հանդէպ վստահութեան չգոյութեան պատճառով:
Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ հաստատեց, որ օրէնքով ուսուցիչները իրաւունք ունին իրենց ամսական աշխատավարձը ստանալու` հակառակ տիրող ներկայ պայմաններուն: Ապպուտ շեշտեց, որ կարելի չէ ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն վճարումը զլանալ, յատկապէս նկատի ունենալով անոնց ի գործ դրած հսկայ ջանքերը` հեռակայ կարգով ուսուցման դրութիւնը ստեղծելու եւ յաջողցնելու առումով:
Ան կոչ ուղղեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպի` ուսուցիչներուն իրաւունքները պաշտպանելու, այնպէս, ինչպէս ան զօրակցած ու քաջալերած է հեռակայ կարգով ուսուցման դրութիւնը:
Ելեկտրածին շարժակներու ընդմէջէն քաղաքացիներուն ելեկտրականութիւն հայթայթող գործատէրեր երէկ յայտնեցին, որ իրենք կը յարգեն պետութեան կողմէ ճշդուած ելեկտրականութեան սակը` հաստատելով, որ իրենք այս աշխատանքը կը կատարեն` քաղաքացիին ելեկտրականութիւն տրամադրելու իմաստով պետութեան բացթողումը լրացնելու նպատակով:
Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեցին, որ իրենց ծառայութեան համար բաժանորդներէն գումար չստանալու պարագային, իրենց ծառայութիւնը պիտի կասեցնեն:
Նշենք, որ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով լիբանանեան պետութեան համեստ կարողութեամբ որդեգրուած քայլերը ընդունելի են: Ան աւելցուց սակայն, որ եթէ լիբանանցիները շարունակեն ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառու չմնալ` ապա երկիրը պիտի հասնի արտակարգ վիճակի:
Պարուտ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կրնայ արտակարգ վիճակ յայտարարել, որովհետեւ «Քորոնա» համաճարակը համազօր է երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն մէջ արձանագրուած աղէտի կացութեան: