Վարչապետն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը Կացութիւնը
Վտանգաւոր Կը Նկատեն, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 267-ի
Ինչպէս ամբողջ աշխարհի ժողովուրդները բնակարանային մեկուսացումի կ’ենթարկուին կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը, Լիբանանի մէջ եւս քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը զգուշանայ իրենց բնակարաններէն դուրս գալէ եւ բնակարանային ու անհատական հականեխման բոլոր միջոցները կ’օգտագործեն` չվարակուելու համար համաճարակի վերածուած այս ժահրով:
Լիբանանի մէջ համեմատաբար հակակշիռի տակ գտնուող կացութիւնը անցեալ շաբաթ օր` 21 մարտ 2020-ին վարակուածներու մեծ թիւ` 67 պարագայ արձանագրեց մէկ օրուան ընթացքին:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 267-ի:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն նախանձախնդրութեամբ վարուելու այս համաճարակին հետ եւ մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ բնակարանը մնալը գիտակցութիւն է, ինչպէս նաեւ պարկեշտութիւն` ո՛չ միայն անհատին, այլ անոր հարազատներուն եւ շրջապատին նկատմամբ:
Ժիպէյլի «Մաունաթ» հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած իր անձնակազմի անդամներէն 5-ը բուժուած են: Նշենք, որ անոնք վարակուած էին «Քորոնա» ժահրը կրող հիւանդէ մը:
Միւս կողմէ, Աքքարի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու յատուկ գաղթակայանէ մը սուրիացի տեղահանուած մը փոխադրուեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց: Կասկածներ կային, թէ ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` աւելցնելով, որ իրենք այդ զինուորը մեկուսացուցած են Նաքուրայի մէջ գտնուող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն յատուկ հիւանդանոցին մէջ:
Ան նշեց, որ չորս այլ զինուորներ, որոնք ուղղակի կապ ունեցած էին վարակուած զինուորին հետ, նոյնպէս մեկուսացուած են` հակառակ անոր որ անոնք վարակուածի ախտանիշներ չունին:
Վարչապետ Տիապ. «Վտանգը Մեծ Է, Եւ Ապահովութեան Ուժերն Ու Բանակը Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Պիտի Որդեգրեն»
Շաբաթ օրուան դրութեամբ` առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ վարակուածներուն թիւը 67-ով բարձրացաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ պետական մակարդակով մտահոգութեան փողեր հնչեցնելու եւ քաղաքացիներուն զգաստութեան ու յաւելեալ գիտակցութեան կոչեր ուղղելու:
Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին լիբանանցիներուն յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն անհատական կրակմարի դրութիւն որդեգրելու` հաստատելով, որ պետութիւնը առանձինն չի կրնար դիմագրաւել «Քորոնա» համաճարակին վտանգները:
«Լիբանանցիներուն կողմէ տունը մնալու առումով, այլ խօսքով` ընդհանուր զօրաշարժի կոչին հանդէպ ցուցաբերուած անլուրջ վարուելակերպին պատճառով, ապահովութեան ուժերէն եւ բանակէն պահանջեցինք ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմել` պարտադրելու համար անոնց տունը մնալը, բացի շատ անհրաժեշտ պարագաներէ», ըսաւ Տիապ:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց լիբանանցիներուն կողմէ բնակարանային մեկուսացումին յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այս պարագային պատասխանատուութիւնը միաժամանակ անհատական է, պաշտօնական եւ ժողովրդային:
Տիապ յայտնեց, որ կացութիւնը վտանգաւոր է, եւ «Քորոնա» ժահրը կը գտնուի իւրաքանչիւր տան շեմին, «հետեւաբար այս վտանգին հետ գիտակցութեամբ պէտք է վարուիլ, որպէսզի «Քորոնա» ժահրին կարենանք միասնաբար յաղթել: Սիրելի՛ լիբանանցիներ, դժուար եւ բարդ օրերու փուլ մը կ’ապրինք: Օգնե՛նք իրարու, որպէսզի մեր կրելիք վնասները նուազագոյնի իջեցնենք », հաստատեց վարչապետ Տիապ:
Տիապի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու երրորդ փուլի վերջին օրերը կ’ապրի: Ան աւելցուց, որ երկիրը շուտով մուտք կը գործէ չորրորդ փուլ, որուն ընթացքին տիրող վիճակը շատ մտահոգիչ կրնայ ըլլալ:
Ան մաղթեց, որ այս փուլը կարելի ըլլայ նուազագոյն վնասներով շրջանցել` ընդգծելով, որ այդ մէկը անկարելի չէ, բայց` դժուար է:
Նշենք, որ «Մուսթաքպալ ուեպ»-ի համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, որ ինք վարչապետէն պահանջած է արտակարգ դրութիւն յայտարարել, սակայն այդ մէկը չկատարուեցաւ:
«Լիբանանեան կարմիր խաչի նախագահին կողմէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստանալէ ետք, անմիջապէս կապ հաստատեցի վարչապետ Տիապի հետ ու անկէ խնդրեցի արտակարգ վիճակ յայտարարել եւ այդ մասին խորհրդակցիլ հանրապետութեան նախագահին հետ: Ես կը պահանջեմ անմիջապէս արտակարգ դրութիւն յայտարարել», շեշտած է Պըրրի:
Հոս աւելցնենք, որ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Պըրրիի ցուցմունքներով եւ հսկելով երեսփոխաններուն ու անոնց այցելուներուն առողջական ապահովութեան, երեսփոխաններուն գրասենեակներն ու խորհրդարանը փակ կը մնան, իսկ Այն Թինէի երեսփոխանական հանդիպումը ցնոր տնօրինութիւն կը յետաձգուի:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն մեծամասնութեան վարակման աղբիւրը իմանալը դրական յատկանիշ մըն է` աւելցնելով, որ այդ ժահրով վարակուած այն պարագաները, որոնց վարակման աղբիւրը կարելի չէ եղած ճշդել, շատ փոքր տոկոս մը` 11 առ հարիւր կը ներկայացնեն:
«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու պարագան հակակշիռի տակ պահելը ճիշդ ձեւով կը կատարուի: Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական սարքերու տագնապին, ապա ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունի այդ տագնապը», ըսաւ Հասան` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կատարեալ լրջութեամբ կը վարուի այս տագնապին հետ:
Հասան նշեց, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ արդէն իսկ 80 ազատ մեկուսարաններ կան` նշելով, որ ատիկա դրական ցուցանիշ է եւ կը փաստէ, որ կացութիւնը հակակշիռի տակ է: «Ժողովուրդին ու լիբանանեան ընկերութեան գիտակցութիւնը եւ անոնց տրուած ցուցմունքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը երկրին մէջ կրնայ կանխարգիլել այն քաոսը, որ այլ երկիրներու մէջ կը պատահի», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Հասան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 50 իրանցիներ հասած են Լիբանան` ապրանքատար օդանաւու մը միջոցով: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով իրենք ոչ մէկ տեղեկութիւն գաղտնի կը պահեն, որովհետեւ անիկա լիբանանեան պետութեան վնաս կը պատճառէ:
Հասան նշեց, որ Լիբանանի մէջ յայտարարուածը առողջապահական արտակարգ վիճակ է, ընդհանուր զօրաշարժ, ինչպէս նաեւ սահմաններու փակում:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցի բժիշկները միասնականութեամբ պէտք է վարուին այս կացութեան ընթացքին` դիմադրելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին:
Բժշկական սարքեր ներածողներու սենտիքայի նախագահ Սալմա Ասի կիրակի գիշեր յայտարարեց, որ Կեդրոնական դրամատունը խոստացած է իրենց կատարելիք նիւթական փոխանցումները դիւրացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ սարքերը յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին ապահովել:
Ան նշեց, որ բժշկական սարքեր ներածող ընկերութիւնները այդ դիւրութեան կարիքը ունէին, որպէսզի շարունակեն իրենց աշխատանքը: «Բժշկական սարքեր ներածող բոլոր ընկերութիւնները կը գտնուին առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ», նշեց Ասի:
Ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին ընկերային օժանդակութիւնները լիբանանցիներուն պիտի բաժնուին բանակին եւ քաղաքապետարաններուն հետ գործակցաբար:
Մշարրաֆիէ շեշտեց, որ նախարարութիւնը արդէն իսկ շաբաթէ մը ի վեր կ՛աշխատի պատրաստելու համար այդ օժանդակութիւնները: Ան կոչ ուղղեց բոլորին այս փուլը անցընելու համագործակցութեամբ եւ միասնականութեամբ:
Մոհամետ Ֆահմի. «Օրինազանց Քաղաքացին Հաշուետուութեան Պիտի Կանչուի»
Մինչ ներքին ապահովութեան ուժերն ու բանակը կիրակի, 22 մարտ 2020-ին, երկրին տարածքին գործի լծուեցան` հսկելու համար կրակմարի դրութեան գործադրութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մտահոգիչ ձեւով մեծցած է, որովհետեւ քաղաքացիները յանձնառու չեն մնացած բնակարանային մեկուսացման:
«Որոշումը պիտի գործադրուի բոլոր քաղաքացիներուն վրայ անխտիր: Օրինազանց քաղաքացին հաշուետուութեան պիտի կանչուի», ըսաւ ան եւ պահանջեց, որ քաղաքացիները բնակարանային մեկուսացման գործադրութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեն` աւելցնելով, որ որեւէ լուսաբանութեան պարագային անոնք կրնան հեռաձայնել 112 թիւին:
«Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը մտահոգիչը շրջանցած է եւ դարձած է վախ պատճառող իրավիճակի: Պէտք է պատրաստ ըլլալ վատագոյնին: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր քաղաքացիներուն կառչած մնալու պարտադրուած որոշումներուն գործադրութեան` մաղթելով, որ այս տագնապը կատարեալ գիտակցութեամբ եւ առողջ մօտեցումներով դիմագրաւուի», ըսաւ Ֆահմի:
Ներքին գործոց նախարարը տեղեկատուական մարզէն պահանջեց «Քորոնա» ժահրին մասին տեղեկութիւններ տարածել եւ նախազգուշական յայտագիրները բազմացնել, որպէսզի քաղաքացին կանխարգիլման միջոցներուն դիմէ:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ֆահմի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը քաղաքացիին չեն հակադրուած` աւելցնելով, որ անոնք կարգ մը վաճառատուներ փակած են, որովհետեւ այդ վաճառատուները կառավարութեան տուած ցուցմունքներուն չեն ենթարկուած:
Ֆահմի նկատել տուաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը հականեխած են Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող ցուցարարներուն վրանները` զգուշացնելով զանոնք համախմբումներէ եւ մարդաշատ վրաններու գոյութենէն:
Անդրադառնալով այն քաղաքացիներուն, որոնք իրենց աշխատանքին շնորհիւ իրենց օրուան ապրուստը կ՛ապահովեն եւ հիմա պայմանները կ՛արգիլեն անոնց աշխատանքը, Ֆահմի ըսաւ. «Նախընտրելի է ձիթապտուղի հատիկ մը ուտել եւ դուրս չելլել»:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին կիրակի, 22 եւ երկուշաբթի, 23 մարտին տարբեր շրջաններուն մէջ ուղղաթիռներով կոչ ուղղեց, որ բոլոր քաղաքացիները մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց առողջութիւնը: Բանակը հաստատեց նաեւ, որ համախմբումները արգիլուած են` աւելցնելով, որ համախմբուող քաղաքացիները պատասխանատուութեան պիտի կանչուին:
Ներքին ապահովութեան ուժերը կիրակի օրուան անհատական կրակմարի եւ ընդհանուր զօրաշարժի իրավիճակին հսկողութեան շրջագիծին մէջ, առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, 186 խախտումներ նշմարեցին եւ անոնց մասին արձանագրեցին, իսկ երէկ` 478, նոյն ժամերուն ընթացքին:
Անոնք կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն, որ ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող որեւէ օրինազանցութիւն նկատելու պարագային հեռաձայնեն 112 թիւին:
Ներքին Գործոց Նախարարութեան Ու Բանակին Տուած Որոշումները
Ներքին գործոց նախարարութիւնն ու բանակը, նկատի ունենալով վերջին զարգացումներն ու ժահրի տարածման վտանգաւոր ընթացքը, աւելի խիստ եւ վճռական որոշումներ տուին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ որոշումները.
– Կրակմարի դրութեան յանձնառու չմնալը սուղ պիտի արժէ լիբանանցիներուն: Անոնք պիտի ենթարկուին տուգանքի, դատավարութեան եւ բանտարկութեան:
– Ինքնաշարժին մէջ երկու կամ աւելի քաղաքայիններու փոխադրութիւնը պիտի արգիլուի:
– Հանրային փոխադրութեան համար օգտագործուող որեւէ ինքնաշարժի կամ փոխադրակառքի երթեւեկը արգիլուած է (պաս, վան, թաքսի):
– Սննդամթերքի վաճառատուներուն մէջ խճողումի պարագային, վաճառատուները տուգանքի պիտի ենթարկուին: Այդ վաճառատուներուն մէջ պէտք է կարելի եղածին չափ քիչ թիւով մարդ ըլլայ:
– Մոթորսիքլեթներուն երթեւեկը բացարձակապէս արգիլուած է, բացի անոնց, որոնք առաքման նպատակով կ՛օգտագործուին, եւ որոնք պէտք է ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնագիր ունենան:
– Լիբանանեան տարբեր գաւառներու եւ նահանգներու միջեւ երթեւեկը պէտք է նուազագոյնի իջեցնել:
– Բոլոր քաղաքներուն հրապարակները պէտք է փակել:
– Երթեւեկը արտօնուած է միայն բժիշկներուն, բժշկական մարզին մէջ գործողներուն, դեղագործներուն եւ լրագրողներուն, պայմանով որ անոնք իրենց սենտիքաներուն քարտերը կրեն իրենց հետ:
– Սննդամթերքի վաճառատուներուն մէջ գործող աշխատաւորներուն երթեւեկը արտօնելի պիտի ըլլայ ներքին գործոց նախարարութենէն տրուած յատուկ արտօնագիրով:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտնեց, որ իր մօտ գտնուող «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 59 է, իսկ 5 այլ վարակուածներ բուժուած են: Հիւանդանոցը յայտնեց նաեւ, որ բոլոր վարակուածներուն առողջական վիճակը կայուն է, բացի 3 հոգիէ, որոնք անկայուն վիճակ ունին:
Միւս կողմէ, կիրակի գիշեր հիւանդանոցը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բաժանմունքին մէջ կատարուած է առաջին ծննդաբերութիւնը:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին անձնակազմը կատարեալ զգուշութեամբ եւ նախազգուշական բոլոր քայլերը որդեգրելով կատարած է ծննդաբերութիւնը: Բժշկական քննութիւնները ցոյց տուած են, թէ նորածինը առողջ վիճակի մէջ է, իսկ մայրը, որ «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններ ունէր, ենթարկուած է բժշկական քննութիւններու, սակայն անոր առողջական վիճակը կայուն է:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ շեշտեց բնակարանային մեկուսացման կարեւորութիւնը` վարակուելու հաւանականութիւնը նուազեցնելու նպատակով: «Բնակարանային մեկուսացումն է «Քորոնա» ժահրին դէմ ցարդ առկայ միակ բուժումը, եւ անիկա ամէնէն մատչելին է բոլորին համար», ըսաւ ան:
Ապու Շարաֆ դրուատեց բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ հիւանդանոցի անձնակազմերուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն աշխատանքները:
Նախկին նախարար Վիոլեթ Սաֆատի շաբաթավերջին հաստատեց, որ իր ամուսինը` նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, առողջական կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ինք եւս բնակարանային մեկուսացման կ’ենթարկուի` իբրեւ նախազգուշութիւն:
Սաֆատի իր խօսքը ուղղեց բնակարանային մեկուսացումը մերժող քաղաքացիներուն` նշելով, որ այդպիսով իրենք պատճառ կը դառնան այլ անհատի մը կեանքին վնաս հասցնելու: «Բոլորս կարօտցած ենք սովորական մեր կեանքը, սակայն անհրաժեշտ է պաշտպանել տկար դիմադրողականութիւն ունեցող անհատները», ըսաւ ան:
Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները Hydroxychloroquine-ով բուժելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` ընդգծելով, որ այդ դեղին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնը հարիւր առ հարիւր չի փաստեր, թէ այդ է «Քորոնա»-ի բուժումը:
«Այս դեղը առատ ձեւով սկսան գնել մարդիկ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց այդ մասին, սակայն մենք` իբրեւ սենտիքա, առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար, արգիլեցինք լիբանանեան դեղարաններուն մէջ անոր ազատ վաճառքը, բացի երբ խնդրոյ առարկան այդ դեղը գնելու յատուկ դեղագիրով ներկայանայ: Լիբանանի մէջ գործող բոլոր դեղարանները յանձնառու են այս որոշումին», ըսաւ Ամին:
Նշենք, որ Hydroxychloroquine-ի գործածութեան մասին առողջապահութեան նախարարութիւնը իր կարգին զգուշացուցած էր եւ պահանջած, որ դեղարաններուն կողմէ անոր վաճառքը միայն դեղագիրով արտօնուի:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բաւական ուշ է «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իր որդեգրած քայլերուն մէջ: Ան յստակացուց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ ցարդ յստակ որոշում չկայ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու իմաստով: «Պաշտօնապէս արտակարգ դրութիւն յայտարարելը քաղաքական որոշումի կարիք ունի», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան դրուատեց լիբանանեան պետութեան կողմէ քաղաքացիներուն ընկերային օժանդակութիւններ յատկացնելու նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ կարելի չէ իրենց աշխատանքը կորսնցուցած քաղաքացիները անօթի պահել, «եւ անօթութիւնը սկսած է արդէն», հաստատեց Ժոմպլաթ:
Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հոսանքը կը հետեւի կառավարութեան աշխատանքին` աւելցնելով, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ լիբանանեան պետութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարէ:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ արտակարգ դրութիւն յայտարարելը սահմանադրական իրաւունք է, յատկապէս աղէտները հակակշռելու համար, «իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակը աղէտ է: Ուրեմն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի նպատակով արտակարգ դրութիւն յայտարարելը բնական է եւ պէտք է կատարուի քաղաքական հաշիւներէ հեռու մնալով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան յայտարարութիւններն ու տուած ցուցմունքները` «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով, կարեւոր են` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է յանձնառու մնան այդ ցուցմունքներուն գործադրութեան:
«Կարգապահութիւնը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միակ զէնքն է», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ պատգամ մը յղեց Լիբանանի մէջ գտնուող ֆրանսական գաղութին` նշելով, որ դժուար օրեր կ’ապրին, եւ բոլորէն կը խնդրուի ամէն ջանք ի գործ դնել` հետեւելու եւ գործադրելու համար Լիբանանի կառավարութեան ցուցմունքները:
Ան նշեց նաեւ, որ ամիսէ մը ի վեր Լիբանանի կառավարութեան տուած որոշումները եւ որդեգրած քայլերը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով, ողջունելի են եւ դրուատիքի արժանի:
Ֆուշէ նշեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի եւ բնակարանային մեկուսացման գործադրութիւնը դժուար է, սակայն անիկա կարեւոր է, եւ պէտք է յարգել այդ ցուցմունքները, որովհետեւ անոնք «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միակ միջոցն են:
Ֆուշէ կոչ ուղղեց անոնց, հազալու, շունչի նեղութեան կամ ջերմութեան պարագային կապուելու առողջապահութեան նախարարութեան թէժ գիծին` 1214: «Իսկ եթէ ոմանք առողջական առումով վատ կը զգան եւ կը փափաքին Ֆրանսա վերադառնալ, ապա պէտք է դիմեն դեսպանատուն», ընդգծեց ան:
Ֆուշէ նշեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ ապրող ֆրանսացի քաղաքացիները որեւէ լուսաբանութեան կարիք զգան, կրնան հեռաձայնել 01-420100 թիւին` առաւօտեան ժամը 8:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00, եւ կամ 03-566388 թիւին` նշեալ ժամերէն ետք:
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերը օտար դրամանիշով պիտի չվճարէ, միւս կողմէ` Կեդրոնական դրամատունը երէկ դրամատուներուն յղեց շրջաբերական մը, որուն մէջ պահանջեց լիբանանեան դրամանիշով կամ ամերիկեան տոլարով եւ զերօ առ հարիւրի տոկոսով արտակարգ վարկեր տրամադրել իրենց հայեցողութեամբ կարիքը ունեցող հաստատութիւններուն կամ գործարարներուն:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ այս կարելիութեան նպատակն է օժանդակել լիբանանցիներուն` այս դժուար փուլին ընթացքին:
Սալամէ հաստատեց, որ իրենց նպատակն է, որ հաստատութիւնները կարենան ապահովել իրենց պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը, ինչպէս նաեւ իրենց նախորդ 3 ամսուան նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին` զերօ առ հարիւր տոկոսով:
Դրամատուներու միութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ դրամատուները պիտի շարունակեն դրամատնային մարզի հիմնական աշխատանքները կատարել` հետեւելով պետութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին:
Հիմնական աշխատանքները կ’ընդգրկեն ելեկտրոնային դրամարկղի միջոցով դրամի ապահովում, սննդամթերքի եւ բժշկական սարքերու վերաբերող վճարումներու փոխանցումի գործառնութիւններ, ինչպէս նաեւ պետական շրջանակներուն, հիւանդանոցներուն ու Լիբանանեան կարմիր խաչին տրամադրուած նուիրատուութիւններու փոխանցումներ:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը շաբաթավերջին դարձեալ կոչ ուղղեց դրամատնային մարզին` Կեդրոնական դրամատան եւ Դրամատուներու միութեան նկատի ունենալու այդ մարզի պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանիքները` «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ նախազգուշութեան առումով:
Համադաշնակցութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան ընդմէջէն հաստատեց, որ ելեկտրոնային դրամարկղը կրնայ տարրական որոշ գործառնութիւններ կատարել` ապահովելով քաղաքացիներուն նիւթական անհրաժեշտ կարիքները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պէտք է յանձնառու մնալ պաշտօնեաներու իրաւունքներուն, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ համաճարակէն պաշտպանուելու իրաւունքը: