Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կապոյտ Հազ-Խեղդահազ Whooping Cough-Pertusis

Մարտ 13, 2020
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կապոյտ հազ-խեղդահազը (wooping cough-pertussis) սուր վարակիչ (infec-tious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու` խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi)  լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով (edema), ինչպէս նաեւ` ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհակակշռելի եւ նոպայական հազով (paroxismal):

Կապոյտ հազի յարուցիչը Պորտեթելլա փերթուսիս (Bordetella pertussis) մանրէն է: Ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ընթացքով` հազի եւ փռնգտուքի միջոցով: Վարակուող անձը հազալով, փռնգտալով եւ արտաշնչելով յարուցիչ ցպիկները կը տարածէ իր շրջապատին եւ կը վարակէ իր շուրջը գտնուղ առողջ անհատները: Այս ցպիկները, մտնելէ ետք առողջ անձի մը շնչառական համակարգը, կ՛արտադրեն յատուկ թունանիւթ մը (toxin): Այս թունանիւթը կը վնասէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթային բջիջներուն եւ կը յառաջացնեն խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ խողովակներու նեղացում: Այս ընթացքին մանրէները կը բազմանան շնչառական խողովակներուն մէջ եւ արտաշնչումով կը տարածուին օդին մէջ:

Խեղդահազը տեղաճարակային (endemic) հիւանդութիւն մըն է ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան եւ բոլոր եղանակներուն, առաւելաբար` ձմրան օրերուն:

Կապոյտ հազին առաջին դէպքը արձանագրուած  է  16-րդ դարուն: Անոր յարուցիչը յայտնաբերուած է 1906-ին:

Խեղդահազը ունի երեք հիւանդագին փուլեր: Առաջին փուլը կը սկսի վարակումէն մինչեւ 15 օր: Այս փուլին վարակուող անձը կ՛ունենայ պարզ հարբուխի ախտանշանները` մեղմ հազ, փռնգտուք, քթահոսք եւ մեղմ ջերմ:

Երկրորդ փուլը կը սկսի վարակումէն 2 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ, եւ վարակուողը կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշանները` սուր, նոպայական, անհակակշռելի, իրերայաջորդ հազի պոռթկումներ, գերքրտնութիւն, բարձր ջերմ, դող, գլխացաւ, մկանային ցաւ եւ ախորժակի նուազում: Կրկնակի հազի պոռթկումներէն ետք հիւանդը կը ներշնչէ խորունկ ձայնային երանգով մը, որ կը կոչուի խեղդոց (whooping) եւ ապա կը փսխէ պոռթկումով: Սուր հազին պատճառով կրնան պատահիլ ողնայարային զարկերակի (vertebral artery) պատռուածք եւ մեծածաւալ արիւնահոսութիւն, աղեթափութիւն (hernia), մէզի անպահութիւն  (incontinence), կողոսկրներու (rib) կոտրուածք, ենթաակնազօդային (subconjunctival) արիւնահոսութիւն, որովայնի զարկերակի եւ թոքամաշկի (pleura) պատռուածք եւ ենթաթոքաթաղանթային օդակուտակում (pneumothorax):

Մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ երբեմն, հազի փոխարէն  կ՛ունենան շնչահեղձութիւն, շնչադադարի (apnea) նոպաներ եւ լուրջ բարդութիւններ, մանաւանդ անոնք, որոնք չեն պատուաստուած: Այս բարդութիւններէն կարեւորագոյններն են` թոքատապ (pneumonia), մարմնական ընդհանուր ցնցումներ, ջղացնցումներ,  ուղեղատապ, ուղեղային արիւնահոսութիւն, ուղեղային հիւծում (atrophy)  եւ նոյն իսկ մահ: Այս բոլորը նկատի ունենալով` յանձնարարելի է մանուկներուն պատուաստումը կատարել շատ կանուխ` սկսեալ երկրորդ ամիսէն:

Կապոյտ հազը վարակիչ է հազը սկսելէ ետք եւ յաջորդ 15 օրերու ընթացքին: Պատուաստուած անձ մը կրնայ վարակուիլ այս ժամանակամիջոցին:

Երրորդ փուլը կը սկսի վարակումէն մօտաւորապէս 10 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Այս փուլին հիւանդին նոպայական հազը կը մեղմանայ եւ շնչառութիւնը կը դառնայ բնականոն:

Կապոյտ հազին ախտորոշման համար խիստ կարեւոր է բժիշկին տպաւորութիւնը եւ հիւանդին ցուցաբերած ախտանշանները: Ախտորոշման համար կը կատարուի  կոկորդի եւ քթաըմբանի քսուկի (swab) տարրալուծարանային քննութիւն` յայտնաբերելու համար կապոյտ հազի մանրէներ-ցպիկները:

Խեղդահազին դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ: Այս դեղերը գործածուելու են շատ կանուխ, այսինքն` ախտաճանաչումը կատարուելէ անմիջապէս ետք եւ 4-6 շաբաթ տեւողութեամբ: Հակամանրէական դեղ  ստացող հիւանդներ հինգերորդ օրէն ետք վարակիչ չեն  համարուիր: Ընդհանրապէս դարմանումը կը կատարուի տան մէջ: Հիւանդին տրուելու է առատ հեղուկ, օշարակի տեսակներ, պտուղ եւ սննդարար կակուղ կերակուր: Հիւանդը շնչելու է բարեխառն շոգի եւ հեռու մնալու է գրգռիչ ազդակներէ, ինչպէս` փոշի, ծուխ, մուխ:

Տնային դարմանումի ընթացքին տան մէջ գտնուող  առողջ անհատները պէտք է հեռու կենան հիւանդէն, պէտք չէ ձեռքսեղմում ըլլայ անոր հետ եւ ձեռքերը յաճախ լուալու են ջուր-օճառով, որպէսզի չվարակուին:

Վարակուած երեխաներուն 50 տոկոսը կարիքը կ՛ունենան հիւանդանոցային խնամքի:

Կապոյտ հազը կանխարգիլելի յատուկ հազի դէմ պատուաստի գործածութեամբ: Պատուաստը կը պատրաստուի կապոյտ հազի սնանուած մանրէներէ: Կապոյտ հազի պատուաստը հասանելի եղած է բժիշկներուն 1940-ին:

Կապոյտ հազի պատուաստը կը տրուի պրկախտի (tetanus) եւ կեղծմաշկի (diphtheria) պատուաստներուն հետ` որպէս եռեակ պատուաստ: Մանուկներուն կը տրուի հինգ պատուաստ: Առաջին  երեք պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 2, 4 եւ 6 ամսու է: Չորրորդ եւ հինգերորդ պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 4 եւ 6 տարեկան է: 7 տարեկանէն վեր պատանիներուն կը տրուի մէկ պատուաստ` 11 կամ 12 տարեկանին: Յղի կիներ ստանալու են պատուաստը իրենց յղութեան 27-36-րդ շաբթուան ընթացքին` պաշտպանելու համար իրենց ապագայ ծնելիք զաւակը կապոյտ հազէն:

Կապոյտ հազին պատուաստը ապահով է: Ան ոչ մէկ բարդութիւն եւ կամ վնաս կը յառաջացնէ: Պատուաստումէն ետք կրնան պատահիլ անցողակի եւ ժամանակաւոր մեղմ ջերմ, պատուաստի սրսկումի տեղական ցաւ, կարմրութիւն եւ կամ ուռեցք:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման համաշխարհային կենդրոնը կը թելադրեն այս պատուաստին գործածութիւնը:

Քանատայի մէջ պատուաստի գործածութեամբ կապոյտ հազը  վերջին տարիներուն նուազած է 96 տոկոսով:

Մոնրէալ, 6 փետրուար 2020

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1970)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Հակառակորդները Կը Միանան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?