Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Բարձր Մակարդակով Նշեց Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակը

Մարտ 9, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կատարողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին կիրակի, 8 մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասեան երեկոյ, նուիրուած` Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, կղերականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Լիզա Պասթաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար պայմաններուն, Համազգայինը պարտք կը զգայ յիշելու, յարգելու եւ մեծարելու համեստ, սակայն ստեղծագործ երգահան, երաժշտագէտ, հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիր եւ հայ երգի փրկիչ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը` աւելցնելով, որ Կոմիտասի երաժշտութիւնը եւ երգերը մշտապէս հիացական արձագանգ ձգած են Էջմիածինէն մինչեւ հեռաւոր Եւրոպա: Պասթաճեան շեշտեց, որ Կոմիտասի աւանդը ողջ է տակաւին ու կը յաւերժանայ համայն հայութեան երկիւղածութեան խորհրդաւոր պահերուն ընդմէջէն, կ՛արձագանգէ հայ դպրոցի բեմերէն, ուր սերունդներ շարունակ երգած են ու պիտի շարունակեն երգել ժողովրդական ազգագրական երգեր, կը գոյատեւէ իր աշակերտին` Բարսեղ Կանաչեանի ընդմէջէն, որ հետեւելով Կոմիտասի երգչախումբի օրինակին 1936-ին կը կազմէ Պէյրութի «Գուսան» երգչախումբը եւ իր անունով  1983-էն ի վեր կը գործէ Լիբանանի Համազգայինի երաժշտական քոլեճը:

«Սիրելի՛ վարդապետ, կը խոնարհինք երաժշտական քու հանճարիդ դիմաց եւ կը խոստանանք մնալ յանձնառու հայ արուեստի ու մշակոյթի պահպանման առաքելութեան: Հայու ինքնութեան մոռացութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը իր արուեստին ու մշակոյթին պահպանումն է», եզրափակեց Լիզա Պասթաճեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Կարօ Սվաքճեան (սրինգ), որ ընկերակցութեամբ Րաֆֆի Չիլինկիրեանի (տուտուկ) եւ Վերոնա Ռուսիալեանի (դաշնակ), մեկնաբանեց «Ծիծեռնակ»-ը: Յակոբ Քէլուկեան տուտուկի վրայ մեկնաբանեց «Ալագեազ»-ը, «Խնկի ծառ»-ը եւ «Անձրեւ եկաւ»-ը` ընկերակցութեամբ տուտուկի վրայ Նաթալի Աբոքեանի եւ Սէրլի Նեմշէհիրլեանի: Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Անտունի» եւ «Կռունկ» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակի եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին «Ծիրանի ծառ»-ը եւ «Քելէ քելէ»-ն: Յովիկ Գարախանեան ջութակի եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին «Քելեր Ցոլեր»-ը: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը` Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ, Յովիկ Գարախանեան` ջութակ եւ Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, ներկայացուցին «Հով արէք»-ը (փոխադրում` Կարօ Աւեսեանի), իսկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հնգեակը` Նարէ Աղասարգիսեան` դաշնակ, Յովիկ Գարախանեան` ջութակ, Մարիան Արթինեան` ջութակ, Նարօտ Ադամեան` ջութակ, Նենսի Աւագեան` ջութակ, մեկնաբանեցին «Ծիծեռնակ»-ը եւ «Վաղարշապատի պարը»:

Օրուան բանախօս Զաքար Քէշիշեան նկատել տուաւ, որ Կոմիտասի մասին այնքան բան գրուած եւ խօսուած է, որ նոյնիսկ Հայաստանի բարձրագոյն երաժշտանոցը յատուկ ճիւղ, մասնագիտութիւն ստեղծած է, որ կը կոչուի կոմիտասագիտութիւն` աւելցնելով, որ տասը միլիոն հայեր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հպարտանքի գերագոյն պահ մը կ՛ապրին ամէն անգամ, երբ կը լսեն Կոմիտասի անունը իրենց կեանքին ընթացքին: Քէշիշեան ըսաւ, որ Կոմիտասը իր կեանքին ընթացքին եղած է ամէնէն զուարթ եւ կատակաբան անձնաւորութիւններէն մէկը, հակառակ իր կեանքի դժուար ճանապարհին` աւելցնելով, որ Կոմիտասի կեանքը եղաւ ընդհատուած թռիչք մը, եւ շատ կանուխ իր կեանքի օրերը ողողեցան սուգով: Բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Կոմիտասի կեանքին, Էջմիածին հասնելուն, անոր ունեցած երաժշտական հակումներու դրսեւորման, երգչախումբերու կազմութեան, անոր ճամբորդութիւններուն, Էջմիածինի մէջ յաջող գործունէութիւն ծաւալելուն, իր բարեկամներուն իրեն հանդէպ ունեցած նախանձին, անոնց տուած դժուարութիւններուն, կրած նեղութիւններուն` աւելցնելով, որ այս բոլորով հանդերձ, ան շարունակեց իր մշակութային գործունէութիւնը մինչեւ 24 Ապրիլ, երբ հայ մտաւորականներուն հետ ինք եւս կը բռնուի, սակայն կ՛ազատի հրաշքով` մեծ անձնաւորութիւններու միջամտութեամբ, եւ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր դժուարութիւններու կը մատնուի, եւ արդէն իսկ հոգեկան ցնցումները սկսած էին իր մօտ: Հակառակ այս բոլորին ան կը շարունակէ ստեղծագործել, մինչեւ որ իր վիճակը վատթարացաւ, եւ զինք յանձնեցին թրքական հոգեբուժարան, որմէ ետք կը փոխադրուի Փարիզ, ուր հոգեբուժարանի մէջ 17 տարի մնալէ ետք կը մահանայ: Զ. Քէշիշեան ըսաւ, որ Կոմիտաս ունի աւելի քան երեք տասնեակ երգեր, 209 խմբերգներու մշակումներ: Անոր ժառանգէն փրկուած են 1500 հաւաքակցուած երգեր, որոնք ներկայ երաժշտահաններուն համար իբրեւ ժողովրդական երգեր մեծ գանձարան են: «Կոմիտասը կ՛ապրի, եթէ մենք ապրինք Կոմիտասով: Մեր կարգն է Կոմիտաս երգելու, եւ շատ բարձր, ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ օտարներուն համար», եզրափակեց Զաքար Քէշիշեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի, մեկնաբանեց «Սուրբ, սուրբ», «Քրիստոս ի մէջ»,  «Ել, ել, ել», «Առաւօտ լուսաբեր», «Հայրենեաց սիրով», «Ոհ ինչ քաղցր բան», «Զար զընգ»-ը երգերը:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք իր բարձր գնահատանքը յայտնեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներուն: Ան նկատել տուաւ, որ Կոմիտասի յօրինումներն ու մշակումները ցոյց տուին, որ ազգային խոր ակունքներէն բխող հոգեւոր եւ ժողովրդային երգերը կ՛արտայայտեն ժողովուրդին զգացումները, յոյսերն ու ապրումները, աննկուն կամքը եւ անկաշկանդ կեանքի ձգտումը, սէրն ու կառչումը աստուածապարգեւ հողին, ջուրին ու բնութեան եւ հաւատքը նախախնամութեան` աւելցնելով, որ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը պատմարժէք վկայութիւններ են: Ան ըսաւ, որ Կոմիտասի առջեւ խոնարհեցան եւ կը շարունակեն խոնարհիլ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն հեղինակութիւնները` հաստատելով, որ Կոմիտասի հանճարեղ յօրինումները դարձան համամարդկային արժէք եւ յուզեցին ու կը շարունակեն յուզել ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ` համայն երաժշտութեան աշխարհը: «Կոմիտաս երգահան էր, երաժշտագէտ, երաժիշտ, բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ, ազգագրագէտ, հայ մշակոյթի յաւերժալոյս գործիչ, եւ այս բոլորէն վեր` հոգեւորական էր, որուն մէկ արտայայտութիւնն է պատարագը, որ հայկական ծէսին փառաւորումն է: Հոգեւոր երգերով, շարականներով Կոմիտաս հայ եկեղեցւոյ մշտահունչ զանգակատունն է, որմէ հնչող կոմիտասեան երգերն ու շարականները հայ ժողովուրդին ուղղուած միասնականութեան պատգամներ են», եզրափակեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

 

Նախորդը

Վարձքդ Կատա՛ր, Սիրելի՛ Ուսուցիչ

Յաջորդը

Զինադադարն Ու Զայն Հաստատելու Մարտավարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 11, 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?